Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Չաւուշօղլուն Անդրադարձած Է Տեղ Գիւղին Մէջ Տեղի Ունեցած Ատրպէյճանական Սադրանքին

Չաւուշօղլուն Անդրադարձած Է Տեղ Գիւղին Մէջ Տեղի Ունեցած Ատրպէյճանական Սադրանքին

by MassisPost

Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն «HaberTurk TV»-ի հետ զրոյցի ընթացքին անդրադարձած է այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցքին», քանի մը օր առաջ Տեղ գիւղին մէջ տեղի ունեցած ատրպէյճանական սադրանքին  եւ անհիմն մեղադրանք հնչեցուցած է Հայաստանի հասցէին:

«Ի վերջոյ, այս լարուածութիւնը մէկ կողմ թողնելով, անհրաժեշտ է պահ առաջ համապարփակ խաղաղութեան պայմանագիրը ստորագրել, ինչպէս նաեւ կառուցել այդ անցումները, ճանապարհները, որոնք նաեւ  Հայաստանի օգտին են, բոլորիս օգտին են»:

Անդրադառնալով Իրանի ունեցած առնչութեան այդ ամէնին` ան ըսած է.

«Իրանն ալ նախապէս իր տարածքով դէպի Նախիջան կապուղիներու կառուցման միտքը ունէր: Իրականութեան մէջ մենք անոր ալ կ’աջակցին: Քանի որ մշտապէս տարբեր այլընտրանքներ պէտք է ըլլան: Մէկ տեղին կապուած ըլլալը վտանգային է, այլընտրանքներ պէտք է ըլլան: Այսինքն, այս ծրագրին իրականացումը Հայաստանի գլխաւորութեամբ բոլորի օգտին է»:

Չաւուշօղլուն նաեւ անհիմն պնդումներ յառաջ քաշած է. թէ իբր Հայաստանը փորձած է «զէնք տեղափոխել Լեռնային Ղարաբաղ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment