Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Եթէ Մենք Չկռուէինք, Ինչքան Կ’ուզէ Թող Ռուսիոյ ԱԳՆ-ն Աջ Ու Ձախ Զանգէր․ Քոչարեանը` Զախարովայի Յայտարարութեան Մասին

Եթէ Մենք Չկռուէինք, Ինչքան Կ’ուզէ Թող Ռուսիոյ ԱԳՆ-ն Աջ Ու Ձախ Զանգէր․ Քոչարեանը` Զախարովայի Յայտարարութեան Մասին

by MassisPost

ՀՀ Ազգային Ժողովի Պաշտպանութեան եւ Անվտանգութեան հարցերու յանձնաժողովի նախագահ Անդրանիկ Քոչարեան կը յայտնէ, որ Տեղ գիւղի հատուածին մէջ ատրպէյճանական ներխուժումը կասեցնելու հարցով Ռուսիան ինչ-որ ձեւաչափով մասնակցած է, սակայն խնդիրը լուծուած է առաջին հերթին Հայաստանի Զինուած ուժերու գործողութիւններուն շնորհիւ:

Քոչարեանը այս մասին ըսաւ խորհրդարանական ճեպազրոյցին ընթացքին` անդրադառնալով Ռուսիոյ Արտաքին Գործերու Նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովայի յայտարարութեան, որ Ռուսիան քայլերու ձեռնարկած է` լարուածութիւնը թուլացնելու համար, մասնակցութիւն ունեցած է դադրեցնելու գործին մէջ:

«Կասկածի տակ չեմ դնում Մարիա Զախարովայի ասածները, որ ՌԴ-ն ինչ-որ ձեւաչափով մասնակցել է, բայց, այնուամենայնիւ, կռուել է ՀՀ Զինուած Ուժերը: Եթէ մենք չկռուէինք, զոհեր չտայինք, ինչքան ուզում է թող ՌԴ արտաքին գերատեսչութիւնն աջ ու ձախ զանգեր անէր, դա խնդրի լուծման չէր տանելու: Խնդիրը լուծուել է առաջին հերթին մեր Զինուած Ուժերի եւ մեր զինուորականութեան քաջարի գործողութիւնների արդիւնքում», ըսաւ պատգամաւորը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment