Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Անահիտ Մանասեանը Ընտրուեցաւ Հայաստանի Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպան

Անահիտ Մանասեանը Ընտրուեցաւ Հայաստանի Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպան

by MassisPost

69 կողմ, 0 դէմ ձայնով` Անահիտ Մանասեանը ընտրուեցաւ Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան:

Մանասեանը Ազգային Ժողովի ամպիոնէն երդուեցաւ` «պաշտպանել մարդու եւ քաղաքացու իրաւունքներն ու ազատութիւնները` հաւատարիմ լինելով Հայաստանի Սահմանադրութեանն ու օրէնքներին, արդարութեան սկզբունքներին»:

«Երդւում եմ, որ լիազօրութիւններս կը կատարեմ անաչառ, առաւելագոյն բարեխղճութեամբ եւ ջանասիրութեամբ», եզրափակեց Մանասեանը` ստանձնելով Պաշտպանի լիազօրութիւնները:

Ընդդիմադիրները այս պաշտօնին առաջադրած էին Սահմանադրական Դատարանի աշխատակազմի նախկին ղեկավար Էտկար Ղազարեանի թեկնածութիւնը, սակայն, անոր թեկնածութիւնը իշխանականները մերժեցին:

Ղազարեանը ֆէյսպուքեան իր էջով գրած է, որ ՄԻՊ պաշտօնին Մանասեանի ընտրութեան որոշումը յառաջիկային պիտի բողոքարկէ դատարանին մէջ` որոշումը որակելով «հակասահմանադրական եւ անօրինական»:

34-ամեայ Մանասեանը իրաւաբան է, Գլխաւոր Դատախազութեան մէջ աշխատանքի անցած է ընդամէնը չորս ամիս առաջ, նախապէս նաեւ Սահմանադրական Դատարանին մէջ աշխատած է:

Խորհրդարանին մէջ անոր ընտրութեան հարցով նախօրէի քննարկումը թէժ մթնոլորտի մէջ անցած էր․ իշխանականները կը խօսէին իրենց առաջադրած թեկնածուին առաւելութիւններէն` պնդելով, որ ճիշդ ընտրութիւն կատարած են, ընդդիմադիրներն ալ կը հակադարձէին` համոզիչ չեն Մանասեանի պնդումները, թէ քաղաքականացուած պիտի չըլլայ ու բոլորը պիտի պաշտպանէ:

Խորհրդարանի ամպիոնէն Մանասեանը հաւաստիացուց, որ ամէն ինչ պիտի ընէ ատելութեան, բռնութեան մթնոլորտը ցրելու եւ համերաշխութեան միջավայրի մէջ հարցերը լուծելու համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment