Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՄ-ն Ատրպէյճանին Եւ Հայաստանին Կոչ Կ’ընէ Զօրքերը Ետ Քաշելու 1991-ի Սահմանային Գիծէն

ԵՄ-ն Ատրպէյճանին Եւ Հայաստանին Կոչ Կ’ընէ Զօրքերը Ետ Քաշելու 1991-ի Սահմանային Գիծէն

by MassisPost

Եւրոմիութիւնը ափսոսանք կը յայտնէ հայ-ատրպէյճանական սահմանին Տեղ գիւղի շրջանին մէջ նախօրէին տեղի ունեցած ռազմական բախումներուն առնչութեամբ, որուն հետեւանքով երկու կողմերէն զոհեր եւ վիրաւորներ կան:

«Այս միջադէպը եւս մէկ անգամ կ’ընդգծէ, որ սահմաններու սահմանազատման բացակայութեան պայմաններուն մէջ պէտք է պահպանել 1991 թուականի սահմանային գիծը, եւ այդ գիծէն երկու կողմերուն ուժերը պէտք է ետ քաշուին անվտանգային հեռաւորութեան վրայ` խուսափելու նման միջադէպերէ», նշուած է Եւրոմիութեան յայտարարութեան մէջ:

Պրիւքսէլը կը նշէ, որ նախկին պարտաւորութիւնները պէտք է յարգուին, ներառեալ 2022-ի Հոկտեմբերին Փրակի մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները` փոխադարձաբար ճանչնալ տարածքային ամբողջականութիւնը 1991 թուականի Ալմա Աթայի հռչակագրի հիման վրայ:

Եւրոմիութիւնը նաեւ կոչ կ’ընէ աշխուժացնելու սահմանի սահմանազատման բանակցութիւնները եւ պատրաստակամ է աջակցելու այդ գործընթացին:

Եւրոմիութիւնը կրկին կոչ կ’ընէ զսպուածութիւն ցուցաբերելու եւ բոլոր վէճերը կարգաւորելու խաղաղ ճանապարհով:

«Եւրոմիութիւնը կը շարունակէ աջակցիլ այդ ջանքերուն, ընդ որում ամենաբարձր մակարդակով, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ Եւրոմիութեան առաքելութեան ներկայութեան միջոցով», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment