Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Պարեկային Ոստիկանութեան Անձնակազմին Մէջ Կանանց Ներգրաւուածութիւնը Պէտք Է Ըլլայ 30 Տոկոս

Պարեկային Ոստիկանութեան Անձնակազմին Մէջ Կանանց Ներգրաւուածութիւնը Պէտք Է Ըլլայ 30 Տոկոս

by MassisPost

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ թեւակոխած ենք Պարեկային ոստիկանութեան ներդրման վերջին փուլ: Այս մասին կառավարութեան նիստին յայտնած է վարչապետը եւ նշած, որ անոր համար յառաջիկային դասընթացքներ պիտի սկսին Արմաւիրի, Արարատի, Վայոց Ձորի եւ Սիւնիքի մարզերուն մէջ: «Մենք ի սկզբանէ խնդիր էինք դրել Պարեկային ոստիկանութեան անձնակազմի առնուազն 30 տոկոսն ապահովել կանանցով: Այդ խնդիրն այս պահի դրութեամբ լուծուած չէ, բայց մենք չենք յուսահատւում ու չենք շեղուելու այս օրակարգից», նշած է վարչապետը:

Կառավարութեան ղեկավարը տեղեկացուցած է նաեւ, որ յառաջիկայ օրերուն Ներքին Գործերու Նախարարութեան մէջ պիտի յայտարարուի նոր ընդունելութիւն բացառապէս կիներուն համար. «Սա նշանակում է, որ յառաջիկայում ծրագրաւորում ենք ամենատարբեր պատճառներով Պարեկային ոստիկանութիւնում յառաջացող ու առկայ հաստիքները լրացնել միայն կանանցով: Ընդունելութիւնը կտեւի բաւականին երկար, մէկ, երկու, գուցէ երեք ամիս»:

Վարչապետը նշած է նաեւ, որ այս հարցով կ’ակնկալէ նախարարներուն, մարզպետներուն ու յատկապէս պետական կառավարման համակարգին մէջ ընդգրկուած կին առաջնորդներուն աջակցութիւնը:

Նշենք նաեւ, որ չզեկուցուող հարցերու փաթեթով կառավարութիւնը ընդունած է որոշում` ՀՀ ոստիկանութեան Արարատի, Արմաւիրի, Վայոց Ձորի եւ Սիւնիքի մարզերուն մէջ ՀՀ ոստիկանութեան պարեկային ծառայութեան գործունէութիւնը պատշաճ իրականացնելու նպատակով անհրաժեշտ այլ ինքնաշարժներու եւ  սարքաւորումներու ձեռք բերման, ինչպէս նաեւ ՀՀ Ոստիկանութեան  ստորաբաժանումներու շէնքային պայմաններու բարելաւման նպատակով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment