Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ատրպէյճանը Անցած Է Արցախի Ցեղային Զտման Իր Յանցաւոր Ծրագրի Յաջորդ Փուլի Իրագործման․ Արցախի ԱԳՆ

Ատրպէյճանը Անցած Է Արցախի Ցեղային Զտման Իր Յանցաւոր Ծրագրի Յաջորդ Փուլի Իրագործման․ Արցախի ԱԳՆ

by MassisPost

Ատրպէյճանական իշխանութիւնները անցած են Արցախի ցեղային զտման եւ պատմական հայրենիքէն անոր ժողովուրդի վտարման իրենց յանցաւոր ծրագրի յաջորդ փուլի իրագործման, յայտարարած է Արցախի Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը` Ապրիլ 4-ին Գորիս-Ստեփանակերտ ճանապարհին տեղի ունեցածը որակելով` քաղաքացիներու իրաւունքներու հերթական կոպտագոյն խախտում:

Արցախի Ներքին Գործերու Նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Գորիս-Ստեփանակերտ մայրուղիի արգելափակուած հատուածին մէջ ատրպէյճանցի «բնապահպանները» արգիլած են ռուս խաղաղապահներուն Արցախ տեղափոխել 27 քաղաքացիներ: Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը նշած է, որ ատրպէյճանական կողմը 5 ժամ շարունակ հոգեբանական ահաբեկման ենթարկած է ինքնաշարժներուն մէջ գտնուողները` հիմնականին մէջ կիներ, երեխաներ եւ տարեց մարդիկ, անուհետեւ փորձ ըրած է մարդոց տառապանքները վերածել կեղծ մարդասիրութեան բեմադրութեան:

Բացարձակ անպատժելիութեան պայմաններու մէջ Արցախի ժողովուրդին դէմ Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուող յանցաւոր գործողութիւնները աւելի սպառնալից բնոյթ եւ ծաւալներ կը ստանան, կը յայտարարէ Արցախի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը շեշտելով` մարդու իրաւունքներու այդքան լուրջ ոտնահարումներուն հանդէպ միջազգային հանրութեան անգործութիւնը հաւասարազօր է լռելեայն հաւանութեան, եթէ ոչ յանցակցութեան պաշտօնական Պաքուի հակամարդկային գործողութիւններուն:

Ստեփանակերտը բացարձակ անհրաժեշտութիւն կը համարէ համապատասխան մանտաթ եւ գործիքակազմ ունեցող ՄԱԿ Անվտանգութեան Խորհուրդին կողմէ անյետաձգելի եւ վճռական միջոցներու ձեռնարկումը` ապօրինի շրջափակման անյապաղ դադրեցման եւ միջազգային հանրութեան աչքին առջեւ Արցախի ժողովուրդին դէմ Ատրպէյճանի շարունակուող յանցագործութիւններու կանխման համար:

Ատրպէյճանը արդէն 110 օրէ փակ կը պահէ Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհը` Լաչինի միջանցքը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment