Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ալէն Սիմոնեան Կը Վստահեցնէ՝ Իր Ու Վարչապետին Միջեւ Որեւէ Տարաձայնութիւն Չկայ

Ալէն Սիմոնեան Կը Վստահեցնէ՝ Իր Ու Վարչապետին Միջեւ Որեւէ Տարաձայնութիւն Չկայ

by MassisPost

Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան կը պնդէ, որ իր ու վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ տարաձայնութիւններ չկան ու չեն ալ կրնար ըլլալ: Ալէն Սիմոնեանը այս մասին ըսաւ լրագրողներու հետ զրոյցին ընթացքին:

«Իմ ու վարչապետի միջեւ տարաձայնութիւնը բացառուած է, մեր մէջ որեւէ հակասութիւն չկայ եւ երբեւիցէ չի կարող լինել: Մենք մի խումբ ենք, ինքն իմ ղեկավարն է, իմ ընկերն ու գործընկերն է», ըսաւ ան` անդրադառնալով հարցումին, թէ արդեօք հակասութիւն կա՞յ իր եւ վարչապետին միջեւ` հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ վարչապետի որդին հերքած է աւելի վաղ Սիմոնեանի կատարած յայտարարութիւնը, թէ վարչապետի որդին յարձակման ենթարկուած է:

Ալէն Սիմոնեանը չմեկնաբանեց Նիկոլ Փաշինեանի որդիին` Աշոտ Փաշինեանի յայտարարութիւնը: Ան նշեց, որ ինք  քաղաքական գնահատական տուած է: «Կարծում եմ, որ գնահատականն է, որ տարբեր է: Ես չեմ ուզում որեւիցէ ձեւով հակադրուել կամ մեկնաբանել: Ես դա չեմ մեկնաբանում: Ուրախ եմ, որ ամէն ինչ լաւ է, բայց քաղաքական սադրանքները կան, եւ կարծում եմ, որ քաղաքական սադրանքները, ցաւօք,  փորձելու են շարունակել», յաւելեց Սիմոնեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment