Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՊԵԿ-ը 3 Ամսուան Մէջ Ապահոված Է 461,4 Միլիառ Դրամ Հարկային Եկամուտներ Եւ Պետական Տուրքեր

ՊԵԿ-ը 3 Ամսուան Մէջ Ապահոված Է 461,4 Միլիառ Դրամ Հարկային Եկամուտներ Եւ Պետական Տուրքեր

by MassisPost

Պետական Եկամուտներու Կոմիտէէն կը յայտնեն, որ 2023 թուականի Յունուար-Մարտ ամիսներու ընթացքին ՀՀ Պետական Եկամուտներու Կոմիտէին կողմէ ապահովուած է 461,4 միլիառ ՀՀ դրամ հարկային եկամուտներ եւ պետական տուրքեր, ինչ որ նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանի ցուցանիշէն աւելի է 60,8 միլիառ ՀՀ դրամով կամ 15.2%-ով, իսկ 2023 թուականի առաջին եռամսեակին համար հարկային եկամուտներու եւ պետական տուրքերու մասով հաստատուած ծրագրային ցուցանիշէն աւելի է 14,4 միլիառ ՀՀ դրամով կամ 3.2%-ով:

2023 թուականի Յունուար-Մարտ ամիսներու ընթացքին հարկ վճարողներուն եւ ֆիզիքական անձերուն վերադարձուած է շուրջ 93,5 միլիառ ՀՀ դրամ, ինչ որ նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանի ցուցանիշէն աւելի է 42,2 միլիառ ՀՀ դրամով կամ 82.2%-ով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment