Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Յատուկ Մանտաթակիրները Ատրպէյճանին Կոչ Ըրած Են Անյապաղ Ապահովելու Լաչինի Միջանցքով Տեղաշարժի Ազատութիւնը

ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Յատուկ Մանտաթակիրները Ատրպէյճանին Կոչ Ըրած Են Անյապաղ Ապահովելու Լաչինի Միջանցքով Տեղաշարժի Ազատութիւնը

by MassisPost

Ապրիլ 3-ին հրապարակուած է Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մարդու իրաւունքներու յատուկ ընթացակարգերու հինգ մանտաթակիրներու կողմէ Ատրպէյճանի կառավարութեան ուղղուած դիմումը, որուն մէջ կոչ կը կատարուի անյապաղ քայլերու ձեռնարկելու` ապահովելու համար Լաչինի միջանցքով տեղաշարժի ազատութիւնն ու անվտանգութիւնը:

ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու փորձագէտները, մասնաւորապէս, կը նշեն, որ Լաչինի միջանցքը միակ ուղին է, որ կը կապէ Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանի եւ արտաքին աշխարհին հետ եւ ունի մարդասիրական մեծ նշանակութիւն: Շրջափակումը խափանած է պարէնի, դեղորայքի, վառելանիւթի եւ այլ կենսական ապրանքներու առաքումը Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ 120.000 բնակչութեան: Մարդասիրական իրավիճակը վատթարացած է կազի մատակարարման պարբերական ընդհատումներով, ինչ որ խաթարած է բժշկական հաստատութիւններուն աշխատանքը, փակուած են կրթական հաստատութիւնները:

Յատուկ մանտաթակիրները խիստ մտահոգութիւն կ’արտայայտեն, որ Լեռնային Ղարաբաղը արտաքին աշխարհին կապող միակ ճանապարի շարունակական արգելափակումը կրնայ ծանր մարդասիրական հետեւանքներ ունենալ բնակչութեան համար եւ խախտել անոնց իրաւունքները:

Հաղորդագրութիւնը ուղարկուած է ՄԱԿ-ի Պարէնի իրաւունքու հարցով յատուկ զեկուցողին, Հաշմանդամութիւն ունեցող անձերու իրաւունքներու հարցերով յատուկ զեկուցողին, Կրթութեան իրաւունքի հարցով յատուկ զեկուցողին, Ֆիզիքական եւ հոգեկան առողջութեան ամենաբարձր հասանելի չափանիշերէն օգտուելու իրաւունքի հարցով յատուկ զեկուցողին եւ Տարեցներու կողմէ մարդու բոլոր իրաւունքներէն օգտուելու հարցով անկախ փորձագէտին անունով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment