Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ստեփանակերտը Կրկին Կը Մերժէ Պաքուի Մէջ Հանդիպելու Եւ Համարկման Հարցեր Քննարկելու Ատրպէյճանի Առաջարկը

Ստեփանակերտը Կրկին Կը Մերժէ Պաքուի Մէջ Հանդիպելու Եւ Համարկման Հարցեր Քննարկելու Ատրպէյճանի Առաջարկը

by MassisPost

Պաշտօնական Ստեփանակերտը կը մերժէ Ապրիլի սկիզբը Պաքուի մէջ հանդիպելու եւ համարկման հարցեր քննարկելու Ատրպէյճանի առաջարկը: Արցախի Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը վերահաստատած է նախապէս հնչեցուցած դիրքորոշումը` պատրաստ են հանդիպելու Ատրպէյճանի ներկայացուցիչներուն, բայց Արցախի մէջ Ռուսիոյ խաղաղապահ առաքելութեան միջնորդութեամբ եւ անոնց հրամանատարութեան տեղակայման վայրին մէջ, այսինքն Իւանեանի մէջ, ուր, մասնաւորապէս, պիտի քննարկեն Լաչինի միջանցքի անխափան գործունէութեան հետ կապուած հարցերը:

Արցախի Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը եւս մէկ անգամ վերահաստատած է իր դիրքորոշումը` ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման քաղաքական հարցերը պէտք է քննարկուին համաձայնեցուած եւ միջազգայնօրէն ճանչցուած բանակցային ձեւաչափով` կողմերու իրաւահաւասարութեան հիման վրայ:

Անդրադառնալով Պաքուի մէջ հանդիպելու եւ այսպէս կոչուած համարկման հարցեր քննարկելու Ատրպէյճանի առաջարկին, պաշտօնական Ստեփանակերտը կը շեշտէ, որ «ատրպէյճանական կողմին հնչեցուցած պայմանները, ինչպէս նաեւ ծիրը, որուն մէջ ներկայացուած է տուեալ առաջարկը, կը վկայեն, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն նպատակը ոչ թէ առկայ խնդիրներուն շուրջ իրական քննարկումն է, այլ հնարաւոր երկխօսութեան խաթարումը կամ հարկադրանքի, շրջափակման, կեանքի անտանելի պայմաններու ստեղծման եւ ռազմական ուժի կիրառման միջոցով սեփական քաղաքական օրակարգի պարտադրումը:

Արցախի Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը, մասնաւորապէս, յիշեցուցած է, որ Ատրպէյճանի զինուած ուժերը անցեալ Շաբաթ օրը կոպտօրէն խախտելով Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան դրոյթները, հատած են շփման գիծը եւ յառաջխաղացում կատարած են դէպի Արցախի տարածքին խորքը` Ստեփանակերտ-Լիսագոր հողային ճանապարհի ուղղութեամբ: Աւելին` նախօրէին եւս մէկ անգամ փորձած են վերահսկողութեան տակ առնել այդ ճանապարհը, որ շրջափակման պայմաններուն մէջ Շուշիի շրջանի համայնքներու եւ Արցախի այլ բնակավայրերու միջեւ կապի միակ հնարաւորութիւնն է:

Արցախի Նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը վստահութիւն յայտնած է, որ «ողջամիտ քայլերու միջոցով հնարաւոր է յաղթահարել այս ծանր ժամանակաշրջանը նոյնպէս` պահպանելով ու պաշտպանելով Արցախի Հանրապետութեան կենսական շահերը»:

Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակը նախագահը խորհրդարանի քաղաքական ուժերուն հետ քննարկած է Անվտանգութեան Խորհուրդի նիսին: Հրապարակուած տեսանիւթին մէջ Արայիկ Յարութիւնեանը Պաքու մեկնելու Ատրպէյճանի առաջարկին չ’անդրադառնար, միայն կը նշէ, թէ պէտք է «սթափ գնահատել ստեղծուած իրավիճակը եւ կատարել անհրաժեշտ գործողութիւնները»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment