Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանը Գերմանիայէն Կ’ակնկալէ Ատրպէյճանի Նկատմամբ Պատժամիջոցներու Կիրառում. ԱԺ Նախագահ

Հայաստանը Գերմանիայէն Կ’ակնկալէ Ատրպէյճանի Նկատմամբ Պատժամիջոցներու Կիրառում. ԱԺ Նախագահ

by MassisPost

Հայաստանը Գերմանիայէն կ’ակնկալէ Ատրպէյճանի նկատմամբ պատժամիջոցներու կիրառում` ապահովելու Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանի (Լահէյ) որոշման անյապաղ իրականացումը: Այս մասին Գերմանիոյ մէջ Պունտեսթակի նախագահ Պերպել Պասին ըսած է ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանը:

Գերմանացի պաշտօնեային խնդրանքով Ալէն Սիմոնեանը մանրամասնութիւններ փոխանցած է Լաչինի միջանցքի ճգնաժամէն, շրջափակման մէջ գտնուող 120 հազար արցախցիներուն սպառնացող վտանգէն եւ մարդասիրական բազմաշերտ խնդիրներէն:

Ներկայացնելով յետպատերազմեան իրավիճակը եւ խօսելով տարածաշրջանին մէջ անվտանգային հարցերուն շուտափոյթ լուծումներ տալու անհրաժեշտութենէն` ԱԺ նախագահը նշած է, որ շատերու ուշադրութենէն կը վրիպին Հարաւային Կովկասի մէջ` Հայաստանի ու հայաբնակ Արցախի շուրջ ոչ-պակաս կործանարար զարգացումները:

Ան նշած է, որ Ատրպէյճանը, շարունակելով ցեղային զտումներու քաղաքականութիւնը եւ կեանքի անտանելի պայմաններ ստեղծելով, ամբողջ աշխարհի աչքին առջեւ բռնի տեղահանութեան կը դրդէ տեղի հայ բնակչութիւնը:

«Կ’ակնկալենք մեր գերմանացի գործընկերներէն գործուն քայլերու ձեռնարկում` ապահովելու Ատրպէյճանի կողմէ Դատարանի որոշման անյապաղ իրականացումը` Ատրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներու կիրառման ճանապարհով», շեշտած է ան:

Պունտեսթակի ղեկավարը շնորհակալութիւն յայտնած է տարածաշրջանի, Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ապրող հայերուն վերաբերեալ համապարփակ տեղեկատուութեան, ուղիղ եւ բաց զրոյց ծաւալելու համար` նշելով, որ իր լիազօրութիւններու ծիրին մէջ պատրաստ է ջանքեր ներդնելու իրադրութիւնը շտկելուն նպաստելու, ժողովրդավարական արժէքներու ամրապնդման համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment