Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Մոսկուան Կ’ակնկալէ, Որ ՀԱՊԿ-ի Հետ Երեւանի Գործակցութեան Բնոյթին Վերաբերեալ «Վնասակար Քննարկումները» Կը Դադրին

Մոսկուան Կ’ակնկալէ, Որ ՀԱՊԿ-ի Հետ Երեւանի Գործակցութեան Բնոյթին Վերաբերեալ «Վնասակար Քննարկումները» Կը Դադրին

by MassisPost

Մոսկուան կ’ակնկալէ, որ Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) միւս անդամներուն հետ Երեւանի փոխգործակցութեան բնոյթին վերաբերեալ «վնասակար քննարկումները» կը դադրին, եւ այդ առնչութեամբ ծագած հարցերը կառուցողական լուծում կը ստանան: Այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործերու փոխնախարար Միխայիլ Կալուզինը:

Անդրադառնալով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութեան, որ ոչ թէ Հայաստանը դուրս կու գայ ՀԱՊԿ-էն, այլ գուցէ ՀԱՊԿ-ը կը լքէ Հայաստանը, Կալուզինը ըսած է․ «Յոյսով ենք, որ «ով ուրկէ կու գայ» թեմայով վնասակար քննարկումները կը դադրին, եւ ՀԱՊԿ շրջանակներուն մէջ Երեւանի հետ փոխգործակցութեան բոլոր հարցերը, այդ շարքին` կազմակերպութեան դիտորդական առաքելութեան` Հայաստանի տարածքին տեղակայումը, կը լուծուին կառուցողական ու փոխշահաւէտ ձեւով»:

Ռուսիոյ արտաքին գերատեսչութեան ղեկավարին տեղակալը վերահաստատած է դաշինքին պատրաստակամութիւնը` Հայաստանի անվտանգութեան ապահովման շահերէն ելլելով հայ-ատրպէյճանական սահմանին ՀԱՊԿ առաքելութիւն տեղակայելու, ինչպէս նաեւ ՀԱՊԿ Խորհուրդի նախագիծին մէջ ամրագրուած Հայաստանին աջակցելու ծրագիրը: «Մենք պատրաստ ենք այս աշխատանքին ճիշդ նոյն չափով, որքան ինքը Հայաստանը», ըսած է Կալուզինը «RTVI»-ին տուած հարցազրոյցին մէջ:

Երեւանը չէ ստորագրած աջակցութեան նախագիծը` զայն ուղարկելով լրամշակումներու: Հայաստանը ՀԱՊԿ-էն կ’ակնկալէ նախ գնահատական տալ Ատրպէյճանի կողմէ իր տարածքներու բռնագրաւման:

Ամիսներ շարունակ ՀԱՊԿ-ի հասցէին հնչող դժգոհութիւններէն յետոյ Հայաստանը Մարտի սկիզբը յայտարարեց, որ կը հրաժարի ռազմաքաղաքական դաշինքին մէջ գլխաւոր քարտուղարի տեղակալի իր բաժինէն: Աւելի ուշ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պարզաբանեց, որ Երեւանը հաճոյքով կը ստանձէ ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարի տեղակալի պաշտօնը, եթէ անով կը նշանակէ Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան ապահովման եւս մէկ գործօն աւելցնել: «Եթէ դա այդ չի նշանակելու, մենք նման քայլ անելու իմաստ չենք տեսնում», ըսաւ Փաշինեան` միեւնոյն ժամանակ շեշտելով, որ ՀԱՊԿ-ը ուզելով, թէ չուզելով դուրս կու գայ Հայաստանէն եւ «այդ մեզ կ’անհանգստացնէ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment