Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հանրային Քրէական Հետապնդում Յարուցուած Է Գերագոյն Շտաբի Պետի Նախկին Տեղակալ Հայկազ Բաղմանեանի Նկատմամբ

Հանրային Քրէական Հետապնդում Յարուցուած Է Գերագոյն Շտաբի Պետի Նախկին Տեղակալ Հայկազ Բաղմանեանի Նկատմամբ

by MassisPost

Դատախազը հանրային քրէական հետապնդում յարուցած է Հայաստանի Զինուած Ուժերու Գլխաւոր Շտաբի պետի նախկին տեղակալ Հայկազ Բաղմանեանի նկատմամբ. որպէս խափանման միջոց ընտրուած է բացակայելու արգելքը:

Դատախազութիւնը կը յայտնէ, որ նախկին պաշտօնեան իր յայտարարագրերուն մէջ թաքցուցած է գոյքերու եւ եկամուտներու վերաբերեալ տուեալները: Անոր նկատմամբ աւելի վաղ նախաձեռնուած էր քրէական վարոյթ:

Օրինակ, ըստ հաղորդագրութեան` 2018 թուականի յայտարարագրին մէջ նախկին բարձրաստիճան զինուորականը նշած է, որ իր անուամբ շարժական գոյքեր առկայ չեն, դրամական միջոցներ չունի, իսկ որպէս եկամուտ յայտարարագրած է 6.43 դրամ, մինչդեռ 2017 թուականի Դեկտեմբեր 5-ի դրութեամբ անոր անուամբ հաշվառուած եղած են 102 միլիոն 665 հազար դրամով ձեռք բերուած «MERCEDES-BENZ S500L 4MATIC», «MERCEDES-BENZ S450 4MATIC» եւ «VAZ 21011» մակնիշներու ինքնաշարժներ: Պաշտօնը դադրեցնելու օրուան դրութեամբ անոր դրամատնային հաշուեհամարներին առկայ եղած է տարբեր արժոյթներով շուրջ 2 միլիոն 37 հազար 125 դրամին համարժէք գումար, բացի այդ, անոր դրամատնային հաշուեհամարները համալրուած են շուրջ 174 միլիոն 358 հազար դրամով:

Զօրավար Բաղմանեանը 2009-2017 թուականներուն ՀՀ Զինուած Ուժերու Գլխաւոր Շտաբի պետի տեղակալի պաշտօնը զբաղեցուցած է, ապա` 2018-2020-ին` ՀԱՊԿ միացեալ շտաբի պետի տեղակալի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment