Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՈՒԵՖԱ-ի Որոշումով Հայաստան-Թուրքիա Հանդիպումները Առանց Հիւր Երկրպագուներու

ՈՒԵՖԱ-ի Որոշումով Հայաստան-Թուրքիա Հանդիպումները Առանց Հիւր Երկրպագուներու

by MassisPost

Մարտ 25-ին Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան Հանրապետական մարզադաշտին վրայ կայանալիք Հայաստան-Թուրքիա հանդիպման ընթացքին թուրք երկրպագուները ներկայ պիտի չըլլան: Սա միջազգային գերատեսչութեան` ՈՒԵՖԱ-ի յատուկ որոշումն է: Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը կը մանրամասնէ, որ որոշման պատճառը աւելորդ լարուածութենէն խուսափիլն է:

Ֆետերասիոնէն «Ազատութեան» յայտնեցին, որ սա ՈՒԵՖԱ-ի նախաձեռնութիւնն է, ո՛չ Հայաստանը եւ ո՛չ Թուրքիան այս հարցով ֆութպոլային կառոյցին չեն դիմած: Ինչպէս թուրք երկրպագուները Երեւան պիտի չժամանեն, այնպէս ալ պատասխան խաղը պիտի անցնի առանց հայ երկրպագուներու:

«Ճիշդ է, ֆութպոլը գեղեցիկ կ’ըլլայ, երբ որ բոլոր հնարաւոր երկրպագուները մարզդաշտէն կը դիտեն հանդիպումը, բայց ամէն այս պարագային ինչ-որ չափով հասկնալի եւ ընդունելի էր այդ որոշումը», կ’ըսէ հաւաքականի նախկին ֆութպոլիստ, կիսապաշտպան Լեւոն Պաչաճեանը:

Հայաստանի ու Թուրքիոյ ընտրանիները վերջին անգամ խաղացած են 2010-ի Աշխարհի բաժակիը որակաւորման փուլին: Անկէ երկու տարի առաջ` 2008-ին, Երեւանի «Հրազդան» մարզադաշտին վրայ Թուրքիան երկու անպատասխան գնդակ ուղարկեց Հայաստանի հաւաքականին դարպասը: Մէկ տարի անց հաւաքականը արդէն մրցակիցի դաշտին վրայ նոյն հաշիւով պարտուեցաւ: Այդ ժամանակ ալ սկիզբ դրուեցաւ ֆութպոլային դիւանագիտութեան: Երկու երկիրներու ղեկավարները միասին դիտեցին հանդիպումները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment