Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀՀ Վարչապետը Ընդունած Է ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի Ֆրանսացի Համանախագահ Պրիս Ռոքֆոյը

ՀՀ Վարչապետը Ընդունած Է ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի Ֆրանսացի Համանախագահ Պրիս Ռոքֆոյը

by MassisPost

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի ֆրանսացի համանախագահ Պրիս Ռոքֆոյը:

Վարչապետը ֆրանսացի համանախագահին ուշադրութիւնը հրաւիրած է 5 Մարտին Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրականացուած յարձակման փաստի նկատմամբ, որուն հետեւանքով զոհուած են ԼՂ Ներքին Գործերու Նախարարութեան Ոստիկանութեան Անձնագրային եւ Վիզաներու Վարչութեան երեք ծառայող, մէկը վիրաւորուած է:

Նիկոլ Փաշինեան ընդգծած է, որ ատրպէյճանական գործողութիւնները այլ կերպ, քան ահաբեկչութիւն, հնարաւոր չէ որակել, եւ յաւելած է, որ գրեթէ երեք ամիս շարունակ Լաչինի միջանցքի արգելափակման եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական աղէտ ստեղծելուն ուղղուած գործողութիւններուն զուգահեռ Ատրպէյճան կը շարունակէ Արցախի հայ բնակչութեան ահաբեկման գործողութիւնները` ցեղային զտումներ իրականացնելու վերջնական նպատակով:

Երկուստեք կարեւորուած է Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանին կողմէ Լաչինի միջանցքը ապաշրջափակելու վերաբերեալ որոշման` Ատրպէյճանի կողմէ անյապաղ կատարելու անհրաժեշտութիւնը:

Միաժամանակ, վարչապետը յաւելած է, որ ստեղծուած պայմաններուն մէջ Լաչինի միջանցք եւ Լեռնային Ղարաբաղ միջազգային փաստահաւաք խումբ գործուղելը կը դառնայ կենսական անհրաժեշտութիւն:

Քննարկուած են նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին ու Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրին վերաբերող հարցեր:

Միաժամանակ, ընդգծուած է Հայաստանի մէջ ԵՄ քաղաքացիական առաքելութեան գործունէութեան կարեւորութիւնը, ինչ որ պիտի նպաստէ տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment