Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նիւ Տելհիի Մէջ Քննարկուած Է Պաշտպանութեան Ոլորտին Մէջ Հայաստանի Եւ Հնդկաստանի Համագործակցութեան Ընդլայնման Հնարաւորութիւնները

Նիւ Տելհիի Մէջ Քննարկուած Է Պաշտպանութեան Ոլորտին Մէջ Հայաստանի Եւ Հնդկաստանի Համագործակցութեան Ընդլայնման Հնարաւորութիւնները

by MassisPost

Հայաստանի Զինուած Ուժերու գլխաւոր շտաբի պետ, պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ, զօրավար Էտուարտ Ասրեան Նիւ Տելհիի մէջ Հնդկաստանի պաշտպանութեան շտաբի պետ, զօրավար Անիլ Չաուհանի հետ քննարկած է երկկողմ համագործակցութեան եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցեր, այդ շարքին` պաշտպանութեան ոլորտին մէջ Հայաստանի եւ Հնդկաստանի համագործակցութեան ընդլայնման հնարաւորութիւնները:

Ըստ Հայաստանի ռազմական գերատեսչութեան` Ասրեան մասնակցած է նաեւ Հնդկաստանի Ազգային Անվտանգութեան Խորհուրդի աշխատակազմին մէջ տեղի ունեցած տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ հայ-հնդկական պաշտպանական համագործակցութեան շուրջ քննարկումներուն, ներկայացուցած են Հայաստանի շուրջ ծառացած անվտանգային մարտահրաւէրները:

ԳՇ պետը Հնդկաստանի մէջ համաշխարհային անվտանգութեան խնդիրներուն նուիրուած ամէնամեայ «Ռաիսինա Երկխօսութիւն» խորագրով միջազգային համաժողովին մասնակցելու նպատակով:

Հայ-հնդկական յարաբերութիւնները սկսան նկատելիօրէն աշխուժանալ յատկապէս 44-օրեայ պատերազմէն յետոյ, երբ Փաքիստանը, որ շարք մը հարցերու մէջ Հնդկաստանի հետ հակամարտութեան մէջ է, Ատրպէյճանին ցուցաբերեց դիւանագիտական եւ ռազմական աջակցութիւն: Պաշտօնական Երեւանը յայտարարած է, որ Հնդկաստանի հետ յարաբերութիւններու համակողմանի խորացումը եւ զարգացումը Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերակայութիւններէն է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment