Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Արտաքին Գործերու Նախարարը Կարեւորած Է Միջազգային Փաստահաւաք Առաքելութեան Գործուղումը Լաչինի Միջանցք Եւ Լեռնային Ղարաբաղ

Հայաստանի Արտաքին Գործերու Նախարարը Կարեւորած Է Միջազգային Փաստահաւաք Առաքելութեան Գործուղումը Լաչինի Միջանցք Եւ Լեռնային Ղարաբաղ

by MassisPost

ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհուրդի բարձրաստիճան նիստի ծիրին մէջ Հայաստանի արտաքին գործերու  նախարար Արարատ Միրզոյեանը հանդիպում ունեցած է Փախստականներու հարցերով ՄԱԿ գերագոյն յանձնակատար Ֆիլիփօ Կրանտիի հետ:

Զրուցակիցները քննարկած են Հայաստանի եւ Փախստականներու հարցերով ՄԱԿ գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակին միջեւ հաստատուած համագործակցութեան հետագայ զարգացման առնչուող հարցեր:

Արարատ Միրզոյեանը եւ Ֆիլիփօ Կրանտին անդրադարձած են 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմին եւ ՀՀ ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ Ատրպէյճանի յարձակման հետեւանքով ստեղծուած մարդասիրական խնդիրներուն` ընդգծելով անոնց հասցէագրման հրատապութիւնը: Այս ծիրին մէջ քննարկուած են նշեալ իրադարձութիւններու ընթացքին տեղահանուած անձերու աջակցութեան հարցեր:

Հանդիպման ընթացքին շեշտուած է նաեւ Լաչինի միջանցքի արգելափակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած մարդասիրական բարդ իրավիճակը հանգուցալուծելու անհրաժեշտութիւնը: Նախարար Միրզոյեան կարեւորած է միջազգային փաստահաւաք առաքելութեան գործուղումը Լաչինի միջանցք եւ Լեռնային Ղարաբաղ, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ համապատասխան մարմիններու, այդ շարքին` Փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակի անխոչընդոտ մարդասիրական մուտքը Լեռնային Ղարաբաղ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment