Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Լաչինի Միջանցքին Փակումը Քաղաքական Առումով Աւելի Մեծ Վնաս Պատճառեց Ատրպէյճանին. ԱԺ Նախագահ

Լաչինի Միջանցքին Փակումը Քաղաքական Առումով Աւելի Մեծ Վնաս Պատճառեց Ատրպէյճանին. ԱԺ Նախագահ

by MassisPost

ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի գնահատմամբ` Լաչինի միջանցքին փակումը աւելի մեծ վնաս պատճառած է Ատրպէյճանին, քան Հայաստանին եւ Արցախին` քաղաքական առումով, Ատրպէյճանը քաղաքական առումով յայտնուած է փակուղիի մէջ: Սիմոնեանը նման դիրքորոշում յայտնեց «Արմենփրես»-ի հարցին ի պատասխան: Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանի որոշման անդրադառնալով` ԱԺ նախագահը նշեց, որ Հայաստանը այս որոշումը առաւելագոյնը միջազգային բոլոր ատեաններուն մէջ պիտի օգտագործէ, պիտի ըլլան նաեւ այլ որոշումներ:

«Միջազգային առումով բաւականին մեծ յաջողութիւններ ենք գրանցում եւ շարունակելու ենք այդ ուղղութեամբ աշխատել: Իմ գնահատմամբ` Լաչինի միջանցքի փակումն աւելի մեծ վնաս պատճառեց Ատրպէյճանին, քան Հայաստանին եւ Արցախին` քաղաքական առումով: Այո՛, մենք տուժեցինք, այո՛, մենք ծանր ենք տանում, այո, մեր հայրենակիցները փակուած են, մենք խնդիրներ ունենք: Սակայն, իմ գնահատմամբ, քաղաքական առումով Ատրպէյճանը յայտնուել է փակուղու մէջ», ըսաւ Սիմոնեան` յաւելելով, որ սա պէտք է օգտագործուի: Անդրադառնալով հարցին, թէ Լաչինի միջանցքին ապաշրջափակումը` Լահէյի դատարանի որոշման կատարումը կրնա՞յ բանակցութիւններուն մէջ նախապայման ըլլալ` ԱԺ նախագահը ըսաւ, որ Հայաստանը չի բանակցիր Լաչինի միջանցքին վերաբերեալ, որովհետեւ Լաչինի միջանցքին վերաբերեալ կայ բանակցուած եւ ստորագրուած փաստաթուղթ` Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment