Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Լաչինի Միջանցքին Անցակէտեր Ստեղծելու Հարց Նախատեսուած Չէ․ Լաւրով

Լաչինի Միջանցքին Անցակէտեր Ստեղծելու Հարց Նախատեսուած Չէ․ Լաւրով

by MassisPost

Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեամբ Լաչինի միջանցքին անցակէտեր ստեղծելու հարց նախատեսուած չէ: Այդ մասին Պաքուի մէջ, Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ համատեղ ասուլիսի ժամանակ յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրովը` անդրադառնալով Իլհամ Ալիեւի` Լաչինի եւ, այսպէս կոչուած, Զանգեզուրի միջանցքներուն անցակէտեր տեղադրելու յայտարարութեան:

«Լաչինի միջանցքի գործելու կարգը պէտք է համապատասխանէ 2020-ի Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան: Այդ կը նշանակէ ազատ տեղաշարժը ապահովել բացառապէս քաղաքացիական անձերու եւ մարդասիրական բեռերու համար: Անոր մենք կը ձգտինք մեր շփումներուն ժամանակ: Այնտեղ (Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան մէջ – Խմբ․) նախատեսուած չէ անցակէտեր ստեղծելու հարցը, բայց կայ հնարաւորութիւն տեխնիկական սարքերով փարատելու կասկածները, որոնք կան: Մենք այսօր այդ քննարկած ենք, տեխնիկական մանրամասնութիւնները երկրորդական նշանակութիւն ունին», նշած է Լաւրով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment