Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Եւ Իրանի Նախարարները Կարեւորած Են Համատեղ Ջանքերու Ներդրումը` Ուժանիւթի, Փոխադրութեան Եւ Ենթակառուցուածքներու Ոլորտներուն Մէջ Համագործակցութեան Հետագայ Զարգացման Ուղղութեամբ

Հայաստանի Եւ Իրանի Նախարարները Կարեւորած Են Համատեղ Ջանքերու Ներդրումը` Ուժանիւթի, Փոխադրութեան Եւ Ենթակառուցուածքներու Ոլորտներուն Մէջ Համագործակցութեան Հետագայ Զարգացման Ուղղութեամբ

by MassisPost

Ժընեւի մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը հանդիպած է Իրանի արտաքին գործերու նախարար Հըսէյն Ամիր Ապտըլ Լահիանի հետ:

Հայաստանի եւ Իրանի արտաքին գործերու նախարարները քննարկած են երկկողմ ձեւաչափով, ինչպէս նաեւ բազմակողմ հարթակներու մէջ փոխգործակցութեան առնչուող հարցեր: Երկուստեք գոհունակութեամբ արձանագրուած է Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ քաղաքական երկխօսութեան բարձր մակարդակը:

Կարեւորուած է համատեղ ջանքերու ներդրումը փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան հետագայ զարգացման ուղղութեամբ` ներառեալ ուժամնիւթը, փոխադրութիւնը եւ ենթակառուցուածքները:

Հանդիպման ընթացքին միտքեր փոխանակուած են տարածաշրջանին մէջ անվտանգութեան եւ կայունութեան հարցերու շուրջ:

Անդրադառնալով Լաչինի միջանցքի արգելափակման հետեւանքով ստեղծուած մարդասիրական ծանր իրավիճակին` Արարատ Միրզոյեան ընդգծած է Ատրպէյճանի կողմէ առանց նախապայմաններու Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակումը անյապաղ դադրեցնելու հրամայականը` համաձայն 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան դրոյթներուն: Այս ծիրին մէջ ընդգծուած է նաեւ Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանին կողմէ Ատրպէյճանի նկատմամբ հրատապ միջոցներու կիրառման վերաբերեալ Փետրուար 22-ին կայացուած որոշման իրականացումը:

Նախարար Միրզոյեան ներկայացուցած Է նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին շուրջ վերջին զարգացումները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment