Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ՄԱԿ-ը 44-Օրեայ Պատերազմին Վարձկաններ Ներգրաւելու Համար Մեղադրական Նամակներ Ուղարկած Է Ատրպէյճանին Եւ Թուրքիոյ

ՄԱԿ-ը 44-Օրեայ Պատերազմին Վարձկաններ Ներգրաւելու Համար Մեղադրական Նամակներ Ուղարկած Է Ատրպէյճանին Եւ Թուրքիոյ

by MassisPost

Արցախի դէմ 2020 թուականին սանձազերծուած պատերազմին վարձկաններ ներգրաւելու համար ՄԱԿ-էն մեղադրանքներ ուղարկուած են Ատրպէյճանին ու Թուրքիոյ: Այս մասին  ասուլիսի ընթացքին ըսին վարձկաններու կիրառման հարցերով ՄԱԿ աշխատանքային խումբի Հայաստան ժամանած անդամները` անդրադառնալով լրագրողներու հարցումներուն:

Խումբին մանտաթը ձեւաւորուած է ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհուրդի նախաձեռնութեամբ: Աշխատանքային խումբին մանտաթը լայն է, այն կ’ընդգրկէ վարձկաններու ներգրաւումը եւ  մասնաւոր ռազմական եւ պահնորդական ընկերութիւններու օգտագործումը` մարդու իրաւունքներու խախտումներու տեսանկիւնէն: Այդ մանտաթի ծիրին մէջ աշխատանքային խումբը կ’իրականացնէ այցելութիւն երկիրներ, եւ Հայաստան այցելութիւնը անոնցմէ մէկն է: Խումբը տարբեր աղբիւրներէ կը ստանայ հաղորդումներ` մարդու իրաւունքներու ենթադրեալ խախտումներու վերաբերեալ:

«Մեր խումբը 2020 թուականին արդէն ստացած է հաղորդում` վարձկաններու օգտագործման վերաբերեալ: Եւ այդ ժամանակ մենք արդէն արձագանգած ենք, գործած ենք, համապատասխան հաղորդագրութիւն ներկայացուցած ենք», ըսաւ խումբի անդամ Ելենա Ապարաքը, որ Խրուաթիայէն է:

Խումբին այցելութիւնը Հայաստան բաւականին երկար ժամանակ նախապատրաստուած է Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ:

«Այս պահուն մեզի հասած տեղեկատուութիւնը հիմնականին մէջ կը վերաբերի երկու վարձկաններուն, որոնք գերի վերցուցած են, որոնց մեղադրանք ներկայացուած է, դատական գործընթաց սկսած է, լսումներ տեղի ունեցած են: Մենք այդ ամէնուն վերաբերեալ դեռ կը հաւաքագրենք տեղեկատուութիւնը», ըսաւ ան:

Խումբը կը գործէ իրեն տրամադրուած տեղեկատուութեան հիման վրայ, որ կրնայ տրամադրուիլ հասարակական կազմակերպութիւններէն կամ որեւէ այլ աղբիւրէ: Փաստ արձանագրելը տեղի կ’ունենայ պաշտօնական գործընթացով, այսինքն` տեղեկատուութիւնը կը ստանան պաշտօնական աղբիւրէ, եւ այդ տեղեկատուութեան հիման վրայ կրնան որոշել, թէ ով է իրադարձութիւններուն համար պատասխանատու կողմը: Աշխատանքային խումբի անդամ Ռավինտրան Տանիէլը շեշտեց, որ չեն կրնար գործել այն տեղեկատուութեան հիման վրայ, որ պաշտօնական աղբիւրներէ տրամադրուած չէ:

«Մենք ունինք այսպիսի գործիք` «մեղադրական նամակ», ինչ որ ըրած ենք 2020 թուականին: Մենք այդ կը ներկայացնենք պետութիւններուն եւ ոչ-պետական կառոյցներուն», նշեց Ելենա Ափարաքը:

Անդրադառնալով ճշդող հարցին, թէ արդեօք Ատրպէյճանին եւ Թուրքիոյ մեղադրական նամակներ ուղարկուած են` ան դրական պատասխան տուաւ:

Աշխատանքային խումբը 2020 թուականի իր թեմատիկ զեկոյցներուն մէջ նկատած է, որ համաշմխարհային մակարդակով կը շատնայ վարձկաններուն  եւ մասնաւոր պահնորդական ընկերութիւններուն օգտագործումը: Ինչ կը վերաբերի մեղադրական նամակներու հետեւանքներուն, ապա, ցաւօք,  աշխատանքային խումբին մանտաթը այդ հարցով բաւականին սահմանափակ է: «Մենք կրնանք պատասխաններ ստանալ: Այդ պատասխանները հրապարակային են: Եւ յետոյ արդէն միւս շահագրգիռ կողմերը պէտք է օգտագործեն մեր այդ մեղադրական նամակները, արձագանգները եւ անոնց հիման վրայ գործողութիւններու դիմեն` պիտի ըլլան հասարակական կազմակերպութիւնները, միջազգային կազմակերպութիւնները, այլ պետութիւններ», ըսաւ Ելենա Ափարաքը:

Ռավինտրան Տանիէլը նկատեց, որ իրենց աշխատանքին պատճառով խնդիրները աւելի տեսանելի կը դառնան, ինչ որ տեղի ունեցաւ 2020 թուականին:

Աշխատանքային խումբի անդամները դրական կը գնահատեն, որ Հայաստանը վաւերացուցած է ՄԱԿ-ի` «վարձկաններու հաւաքագրման, օգտագործման, ֆինանսաւորման եւ ուսուցման դէմ» միջազգային ուխտը:

Աշխատանքային խումբը յայտ ուղարկած է Ատրպէյճան այցի համար, բայց տակաւին պատասխան չէ ստացած:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment