Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի Տնտեսական Աշխուժութեան Ցուցանիշը Տարուան Առաջին Ամիսը Աճած Է 10.5 Տոկոսով

Հայաստանի Տնտեսական Աշխուժութեան Ցուցանիշը Տարուան Առաջին Ամիսը Աճած Է 10.5 Տոկոսով

by MassisPost

Հայաստանի տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշը 2023 թուականի Յունուարին 10.5 տոկոսով աւելցած է նախորդ տարուան Յունուարի նկատմամբ, այնինչ այս տարուան Յունուարի ցուցանիշը 2022-ի Դեկտեմբերի նկատմամբ նուազած է 46.1 տոկոսով: Այս մասին կը փաստեն ՀՀ Վիճակագրական Կոմիտէին հրապարակած տուեալները:

Արդիւնաբերական արտադրանքին ծաւալը այս տարուան Յունուարին նախորդ տարուան Յունուարին համեմատ աւելցած է 1.4 տոկոսով: Շինարարութեան ծաւալը այս տարուան Յունուարին նախորդ տարուան նոյն ժամանակին համեմատ աւելցած է 12.2 տոկոսով:

Առեւտուրի շրջանառութեան մէջ Յունուարին 2022-ի Յունուարի նկատմամբ  աւելացումը կազմած է 17.7 տոկոս: Հայաստանի մէջ 2023 թուականի Յունուարին մատուցուած ծառայութիւններուն ծաւալը նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին նկատմամբ աւելցած է 25.9 տոկոսով:

2023 թուականի Յունուարին սպառողական գիներու ցուցակը 2022-ի Յունուարին համեմատ աճած է 8.1 տոկոսով: Արդիւնաբերական արտադրանքու գիներու ցուցակը Յունուարին նախորդ տարուան Յունուարի համեմատ աճած է 1.6 տոկոսով: Իսկ ելեկտրականութեան արտադրութեան ծաւալը այս տարուան առաջին ամիսը նախորդ տարուան նոյն ժամանակին համեմատ նուազած է 1.5 տոկոսով:

Արտաքին առեւտրաշրջանառութեան ծաւալներուն մէջ այս տարուան Յունուարին նախորդ տարուան նոյն ժամանակին համեմատ արձանագրած է 93.8 տոկոս աճ: Ընդ որում` արտահանումը աճած է 2.3 անգամ, իսկ ներմուծումը` 72.5 տոկոսով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment