Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանն Ու Ատրպէյճանը Պրիւքսէլի Մէջ Բանակցութիւններ Կայացնելու Հրաւէր Ստացած Են Շարլ Միշէլէն

Հայաստանն Ու Ատրպէյճանը Պրիւքսէլի Մէջ Բանակցութիւններ Կայացնելու Հրաւէր Ստացած Են Շարլ Միշէլէն

by MassisPost

Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլ Պրիւքսէլի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բանակցութիւններ կայացնելու հրաւէր ուղարկած է կողմերուն: Այս մասին լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին ըսած է ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութեան խօսնակ Նետ Փրայս:

«Մենք մեծապէս կ’աջակցինք ԵՄ գործընթացին, եւ պէտք է նշեմ, որ Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Միշէլի կողմէ առաջարկ կայ` հիւրընկալել կողմերը Պրիւքսէլի մէջ: Այդ հնարաւորութիւն է, եթէ անոնք ընդունին զայն, բանակցիլ` շարունակելու այն յառաջընթացը, որ մենք տեսած ենք վերջին շաբաթներու ընթացքին», ըսած է Նետ Փրայս:

ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութեան ներկայացուցիչը նշած է, որ, ըստ իր տեղեկութիւններուն, կողմերուն հրաւէր ուղարկուած է եւ հնարաւորութիւն տրուած է Պրիւքսէլի մէջ հանդիպում կայացնելու համար:

«Ի վերջոյ, որեւէ նման հանդիպման իրենց հնարաւոր մասնակցութեան մասին պէտք է խօսին կողմերը` մեր հայ գործընկերները, մեր ատրպէյճանցի գործընկերները», ըսած է Փրայս` պատասխանելով հանդիպման հնարաւոր ժամկէտերու վերաբերեալ հարցումին:

Փրայս յաւելած է, որ խնդիրին համապարփակ լուծում գտնելուն ուղղուած բանակցութիւններու ընթացքին ԱՄՆ պատրաստ է աջակցելու կողմերուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment