Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Լաչինի Միջանցքը Բանալու Ուղղութեամբ Այս Պահուն Կ’աշխատի Ռուսական Կողմը. Արցախի Նախագահի Խօսնակ

Լաչինի Միջանցքը Բանալու Ուղղութեամբ Այս Պահուն Կ’աշխատի Ռուսական Կողմը. Արցախի Նախագահի Խօսնակ

by MassisPost

Լաչինի միջանցքը բանալու ուղղութեամբ այս պահուն կ’աշխատի ռուսական խաղաղապահ զօրակազմը, «Ազատութեան» տեղեկացուց Արցախի նախագահի խօսնակ Լուսինէ Աւանեսեանը:

Անցեալ Ուրբաթ Պաքուի եւ Ստեփանակերտի ներկայացուցիչներուն միջեւ տեղի ունեցած հանդիպման ժամանակ քննարկուած էր նաեւ Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհի բացման հարցը: Թէ յստակ ինչ պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերուած են այս ուղղութեամբ, յստակ չէ:

«Միջանցքը բացելու ուղղութեամբ ռուսական կողմն է շարունակում աշխատել: Այս պահի դրութեամբ որեւէ նորութիւն չունենք: Արցախեան կողմի դիրքորոշումը մէկն է` միջանցքը սահմանուած է 2020 թուականի Նոյեմբերի 9-ի եռակողմ յայտարարութեամբ, եւ այն պէտք է գործի այդ յայտարարութեան համաձայն», ըսաւ ան:

Հարցին, թէ երբ կը նշէ, որ ռուսական կողմը կ’աշխատի այդ ուղղութեամբ, կա՞ն որոշակի յոյսեր, կը տեսնե՞ն դրական տեղաշարժ, որ պիտի ըլլան փոփոխութիւններ, նախագահին խօսնակը արձագանգեց. «Շրջափակման իւրաքանչիւր օրը մենք ապրում ենք նման յոյսով»:

Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհը կը շարունակէ փակ մնալ արդէն 78 օրէ: Չէ վերականգնուած նաեւ Հայաստանէն Արցախը սնող միակ ելեկտրագիծը: Չնայած անցեալ Ուրբաթ Արցախի եւ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչներուն միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան` ատրպէյճանական կողմը դեռ թոյլ չի տար սկսիլ բարձրավոլթ գիծի վերանորոգման աշխատանքները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment