Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Standard And Poor’s» Վարկանշային Գործակալութիւնը Վերահաստատած Է Հայաստանի Ինքնիշխան «B+» Վարկանիշը` Հեռանկարը Փոխելով «Կայուն»էն Դէպի «Դրական»

«Standard And Poor’s» Վարկանշային Գործակալութիւնը Վերահաստատած Է Հայաստանի Ինքնիշխան «B+» Վարկանիշը` Հեռանկարը Փոխելով «Կայուն»էն Դէպի «Դրական»

by MassisPost

«Standard and Poor’s» վարկանշային գործակալութիւնը վերահաստատած է Հայաստանի Հանրապետութեան` արտարժոյթով եւ ազգային արժոյթով երկարաժամկէտ/կարճաժամկէտ ինքնիշխան վարկաւորման «B+»/«B» վարկանիշները` միեւնոյն ժամանակ հեռանկարը փոխելով «կայուն»էն դէպի «դրական»․ կը տեղեկացնեն ՀՀ Ելեւմուտքի Նախարարութենէն:

Համաձայն «Standard and Poor’s» գործակալութեան դիտարկումներուն` վարկանիշի հեռանկարի վերանայումը պայմանաւորուած է Հայաստանի տնտեսութեան բարձր աճի կշռոյթներով եւ տնտեսութեան ներուժի բարելաւման հեռանկարով, պետական պիւտճէի ցուցանիշերու, պետական պարտքի բեռի եւ տնտեսութեան արտաքին դիրքի էական բարելաւմամբ, ինչին նպաստած է նաեւ ռուս-ուքրանական հակամարտութեան հետեւանքով մարդոց եւ դրամագլուխի էական ներհոսքը:

Ընթացիկ վարկանիշին վրայ դրական ազդեցութիւն կը գործեն արտաքին պաշտօնական ֆինանսաւորման աղբիւրներու հասանելիութիւնը եւ մաքրոտնտեսական քաղաքականութեան ողջամիտ շրջանակը, ինչ որ վերջին տարիներուն բազմաթիւ արտաքին ցնցումներու պայմաններուն մէջ օգնած է պահպանել տնտեսական եւ ֆինանսական կայունութիւնը:

Գործակալութեան գնահատմամբ յառաջիկայ ամիսներու ընթացքին տնտեսական աճի բարձր մակարդակի, ինչպէս նաեւ հարկապիւտճէտային քաղաքականութեան, վճարային հաշուեկշիռին եւ ֆինանսական կայունութեան առչնուող վտանգներու կառավարելիութեան պարագային Հայաստանի ինքնիշխան վարկանիշը ենթակայ պիտի ըլլայ բարձրացման: Ընդ որում` այդ գործին մէջ կ’ընդգծուի նաեւ Արժոյթի Միջազգային Հիմնադրամին հետ իրականացուող պահեստային (կանխարգելիչ) ծրագրին կարեւորութիւնը:

Համաշխարհային անորոշութիւններու պարագային գործակալութեան կողմէ յատուկ ուշադրութեան արժանացած են 2022 թուականի Հայաստանի 12.6% տնտեսական աճը, ինչպէս նաեւ կառավարութեան պարտք/ՀՆԱ ցուցանիշի նշանակալի նուազեցումը, ինչ որ մեծապէս պայմանաւորուած էր տնտեսական բարձր աճով, պիւտճէի` ծրագրաւորուածէն ցած բացով եւ ԱՄՆ տոլարին նկատմամբ ՀՀ դրամին արժեւորմամբ: Ընդ որում գործակալութեան գնահատմամբ յառաջիկայ տարիներուն տնտեսական աճի ներուժը մեծ հաւանականութեամբ պիտի աճի, իսկ պարտքին բեռը պիտի պահպանուի կայուն եւ կառավարելի մակարդակի մէջ:

Գործակալութիւնը առանձնացուցած է նաեւ Հայաստանի էական կախուածութեան բացակայութիւնը ուժանիւթակիրներու միջազգային բարձր գիներու ազդեցութենէն` նշելով Ռուսիոյ Դաշնութեան հետ բնական կազի մատակարարման երկարաժամկէտ պայմանագրերու առակայութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment