Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ամենակարեւորը Այն Է, Որ ԼՂ Բնակչութիւնը Զգայ, Որ Կրնայ Ապահով Ապրիլ Այն Վայրերուն Մէջ, Ուր Ապրած Են Տասնամեակներ Եւ Դարեր Շարունակ. Թոյվօ Քլաար

Ամենակարեւորը Այն Է, Որ ԼՂ Բնակչութիւնը Զգայ, Որ Կրնայ Ապահով Ապրիլ Այն Վայրերուն Մէջ, Ուր Ապրած Են Տասնամեակներ Եւ Դարեր Շարունակ. Թոյվօ Քլաար

by MassisPost

«Վերջին քանի մը օրերուն հետաքրքրական զարգացումներ կը տեսնեմ, եւ հիմա ստացուեցան ելեկտրականութեան եւ կազի վերականգնման մասին հաղորդումները», այս մասին «Ազատութիւն» ռատիօկայանին տուած հարցազրոյցին մէջ յայտարարած է Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի մէջ ճգնաժամի հարցերով ԵՄ յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարը:

«Այդ ծիրին մէջ ես լիայոյս եմ, որ ամէն ինչ ճիշդ ուղղութեամբ կ’ընթանայ: Եւրոմիութիւնը հետեւողական հանդէս եկած է Լաչինի միջանցքի ապաշրջափակման օգտին: Մենք տարբեր շփումներ ունեցած ենք ե՛ւ քուլիսներուն մէջ, ե՛ւ հրապարակային: Եւ ընդհանրապէս մենք հաստատ համոզուած ենք, որ կարեւորը այն է, որ Ղարաբաղի բնակչութիւնը, տեղի հայերը կարենան իրենց ապահով զգալ այն վայրերուն մէջ, ուր կ’ապրին, եւ անոր համար կարեւոր է, որ իրական երկխօսութիւն մեկնարկէ Պաքուի եւ Ստեփանակերտի միջեւ», յայտնած է ան:

Պատասխանելով հարցումին` արդեօք ԵՄ-ն կը դիտարկէ՞ պատժամիջոցներու հնարաւորութիւն Ատրպէյճանի նկատմամբ, Քլաար պատասխանած է. «Կրկին կը կարծեմ, որ մենք տեսած ենք որոշակի յուսադրող զարգացումներ վերջին քանի մը օրերուն: Եւ ես յոյս ունիմ, որ մօտ ապագային հնարաւոր պիտի ըլլայ  ե՛ւ ապրանքներու, ե՛ւ մարդոց ազատ տեղաշարժը Լաչինի միջանցքով, ինչպէս այդ եղած է նախապէս: Այդ ծիրին մէջ կրկին ամենակարեւորը այն է, որ բնակչութիւնը զգայ, որ կրնայ ապահով ապրիլ այն վայրերուն մէջ, ուր անոնք ապրած են տասնամեակներ եւ դարեր շարունակ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment