Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Փաշինեան Եւ Կութերեշ Քննարկած Են ԼՂ Եւ Լաչինի Միջանցք ՄԱԿ-ի Փաստահաւաք Առաքելութիւն Ուղարկելուն Առնչուող Հարցեր

Փաշինեան Եւ Կութերեշ Քննարկած Են ԼՂ Եւ Լաչինի Միջանցք ՄԱԿ-ի Փաստահաւաք Առաքելութիւն Ուղարկելուն Առնչուող Հարցեր

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշի հետ:

Զրուցակիցները անդրադարձած են Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ապօրինի շրջափակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամին եւ անոր յաղթահարման վերաբերող թեմաներուն:

Մասնաւորապէս, քննարկուած են Լեռնային Ղարաբաղ եւ Լաչինի միջանցք ՄԱԿ-ի փաստահաւաք առաքելութիւն ուղարկելուն առնչուող հարցեր:

Երկուստեք ընդգծուած է Լաչինի միջանցքը Ատրպէյճանի կողմէ ապաշրջափակելու անհրաժեշտութիւնն ու անոր անխափան գործունէութեան կարեւորութիւնը:

Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է ՄԱԿ առաքելութիւն ուղարկելու հարցին շուրջ քննարկումները շարունակել: Անթոնիօ Կութերեշ նշած է, որ հարցը պիտի պահէ ուշադրութեան կեդրոնին:

Վարչապետը կարեւորած է նաեւ ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանին կողմէ Լաչինի միջանցքի ապաշրջափակման վերաբերեալ ժամանակաւոր միջոցներ կիրառելու մասին Հայաստանի պահանջը բաւարարելու որոշումը:

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման, ԼՂ ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան վերաբերող հարցերու շուրջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment