Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀՀ Բարձր Արհեստագիտական Արդիւնաբերութեան Նախարարն Ու ԱՄԷ Կիպեռանվտանգութեան Խորհուրդի Ղեկավարը Պայմանաւորուած Են Փոխըմբռնման Յուշագիր Ստորագրել

ՀՀ Բարձր Արհեստագիտական Արդիւնաբերութեան Նախարարն Ու ԱՄԷ Կիպեռանվտանգութեան Խորհուրդի Ղեկավարը Պայմանաւորուած Են Փոխըմբռնման Յուշագիր Ստորագրել

by MassisPost

ՀՀ բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարար Ռոպերթ Խաչատրեանը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ կատարած աշխատանքային այցի ծիրին մէջ հանդիպած է ԱՄԷ կառավարութեան Կիպեռանվտանգութեան Խորհուրդի ղեկավար Մոհամմատ Համատ Ալ Քուէյթի հետ:

Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները անդրադարձած են կիպեռանվտանգութեան ոլորտին մէջ Հայաստանի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու միջեւ երկկողմ համագործակցութեան հնարաւորութիւններուն:

Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է յառաջիկային կիպեռանվտանգութեան ոլորտին առնչուող փոխըմբռնման յուշագիր ստորագրել` ոլորտային համագործակցութիւնը կանոնակարգելու նպատակով:

Փետրուար 18-ին ՀՀ բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարար Ռոպերթ Խաչատրեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը աշխատանքային այցով մեկնած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ` միջազգային պաշտպանական համաժողովին եւ «IDEX 2023» ռազմաարդիւնաբերական ցուցահանդէսին մասնակցելու նպատակով: ՀՀ Բարձր Արհեստագիտական Արդիւնաբերութեան Նախարարութեան համակարգմամբ «IDEX 2023» ցուցահանդէսին հայկական 18 ընկերութիւններ «Հայաստան» միասնական տաղաւարի ներքոյ կը ներկայացնեն տեղեկատուական, պաշտպանական եւ ռազմական նշանակութեան արհեստագիտութիւններու, ճարտարապետական լուծումներու ուղղութեամբ Հայաստանի վերջին ձեռքբերումներն ու ներուժը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment