Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Նոր Տեսակի Պաշտպանական Համակարգեր Նախագծուած Են, Որոնք Մտած Են Արտադրութեան Մէջ. ԱԺ Փոխնախագահ

Նոր Տեսակի Պաշտպանական Համակարգեր Նախագծուած Են, Որոնք Մտած Են Արտադրութեան Մէջ. ԱԺ Փոխնախագահ

by MassisPost

Հայաստանի բարձր արհեստագիտութիւններու ոլորտին մէջ 60 տոկոսէն աւելի աճ արձանագրուած է: Այս մասին ըսաւ Ազգային Ժողովի փոխնախագահ Յակոբ Արշակեանը ԱԺ նիստին` «արդիւնաբերական քաղաքականութեան մասին» օրէնքին մէջ լրացում կատարելու մասին օրէնքի նախագիծի քննարկման ծիրին մէջ` անդրադառնալով պատգամաւորի հարցին:

«Այս տարի մենք արդիւնքներ ունենք արձանագրած, որոնք, կարելի է ասել` մրցանշային են: Հաշուարկի տարբեր մեթոդիկաներ կան: Դրանցից մէկով` մենք 60 տոկոսից աւելի աճ ունենք բարձր արհեստագիտութիւնների ոլորտում: Բարձր Արհեստագիտական Արդիւնաբերութեան Նախարարութեան ստեղծուելուց ի վեր` որոշ դէպքերում տասնեակ անգամներով, որոշ դէպքերում մի քանի անգամ աւելացուել են ֆինանսաւորման ուղղութիւնները` թէ՛ բարձր արհեստագիտութիւնների, թէ՛ ռազմաարդիւնաբերութեան ուղղութիւններով: Մասնաւորապէս, նոր տեսակի պաշտպանական համակարգեր են նախագծուել, որոնք արդէն իսկ մտել են արտադրութեան մէջ», ըսաւ Արշակեան:

Անոր խօսքով` տասնեակ հայկական ընկերութիւններ պետական պարգեւային ծրագիրներու շրջանակներուն մէջ ստացած են նորարարական պարգեւներ, որոնք կը բերեն միջազգային ֆոնտերու կողմէ ներդրումներու, որոնք իսկապէս պատկերը կը փոխեն հայաստանեան իրականութեան մէջ:

Արշակեան նաեւ յիշեցուց, որ կառավարութիւնը հանդէս եկած է գիտութեան ոլորտի ֆինանսաւորման կրկնապատկման նախաձեռնութեամբ, որ իր հերթին պէտք է բերէ նոր իմացական սեփականութիւններու գրանցման, որուն հիման վրայ Հայաստան պիտի հոսին նոր ներդրումներ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment