Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան Մասնակցած Է Եւրասիական Միջկառավարական Խորհուրդի Նեղ Կազմով Նիստին

Փաշինեան Մասնակցած Է Եւրասիական Միջկառավարական Խորհուրդի Նեղ Կազմով Նիստին

by MassisPost

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ղազախստանի Ալմաթի քաղաքին մէջ մասնակցած է Եւրասիական Միջկառավարական Խորհուրդի նեղ կազմով նիստին:

Եւրասիական Տնտեսական Միութեան երկիրներու վարչապետները քննարկած են եւրասիական համարկման առնչուող արդիական շարք մը հարցեր: Մասնաւորապէս, անդրադարձ կատարուած է ԵԱՏՄ ներքին շուկայի գործունէութեան, արդիւնաբերական համագործակցութեան ֆինանսաւորման, գիւղատնտեսական արդիւնաբերական համալիրի զարգացման, ուժանիւթի ոլորտին մէջ համագործակցութեան:

Կարեւորուած է թուային օրակարգի իրականացումը, մասնաւորապէս` միութեան համարկման տեղեկատուական համակարգի կատարելագործումը:

Միջկառավարական Խորհուրդի ընդլայնուած կազմով նիստը տեղի պիտի ունենայ Փետրուար 3-ին:

Ռուսիան կողմ է Անդրկովկասի մէջ փոխադրութեան եւ տնտեսական կապերու ապաշրջափակման:  Այս մասին  ըսածէ Ռուսիոյ վարչապետ Միխայիլ Միշուսթինը` ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպման ընթացքին:

«Մենք աւանդաբար հանդէս կու գանք Անդրկովկասի մէջ տնտեսական եւ փոխադրութեան կապերու ապաշրջափակման օգտին, կը կարեւորենք Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն կողմէ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման ապահովումը», ըսած է Ռուսիոյ վարչապետը:

Միշուսթինը նաեւ նշած է, որ նոր ճանապարհային ենթակառուցուածքային ուղիներու ստեղծումը կը համապատասխանէ տարածաշրջանի բոլոր պետութիւններու շահերուն:

Փաշինեանը Ռուսիոյ վարչապետ Միխայիլ Միշուսթինի հետ հանդիպման ընթացքին ուշադրութիւն հրաւիրած է Լաչինի միջանցքի խնդիրին վրայ` ընդգծելով, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական ճգնաժամ կը զարգանայ:

Փաշինեան նաեւ ընդգծած է, որ Ռուսիան անվտանգութեան ոլորտին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան համար առանցքային գործընկեր է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment