Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանը Հեռացած Է Խորհրդակցական Սենեակ

Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանը Հեռացած Է Խորհրդակցական Սենեակ

by MassisPost

Արդարադատութեան միջազգային դատարանը հեռացած է խորհրդակցական սենեակ` Հայաստան ընդդէմ Ատրպէյճանի եւ Ատրպէյճան ընդդէմ Հայաստանի գործերով որոշում կայացնելու: Այս մասին Ֆէյսպուքի մէջ գրած է միջազգային իրաւական հարցերով ՀՀ ներկայացուցիչ Եղիշէ Կիրակոսեանը` նշելով, որ որոշումը կայացնելէ յետոյ դատարանը զայն պիտի ընթերցէ բաց եւ առցանց հեռարձակուող նիստի ընթացքին:

Որոշումը ընթերցելու օրուան մասին դատարանը պիտի ծանուցէ կողմերուն: Համաձայն դատարանին` որոշումը պէտք է ընդունուի հնարաւորինս արագ:

Հայաստանը Արդարադատութեան միջազգային դատարանէն պահանջած է կիրառել հետեւեալ ժամանակաւոր միջոցները` Ատրպէյճանը պէտք է դադրեցնէ ենթադրեալ «բողոքի շարժումներու» կազմակերպումը եւ աջակցութիւնը, որոնք կ’արգելափակեն անխափան ազատ տեղաշարժը Լաչինի միջանցքով երկու ուղղութիւններով, ապահովէ բոլոր մարդոց, փոխադրութեան միջոցներու եւ բեռներու անխափան ազատ տեղաշարժը Լաչինի միջանցքի երկայնքով երկու ուղղութիւններով, անյապաղ ամբողջութեամբ վերականգնէ եւ ձեռնպահ մնայ Լեռնային Ղարաբաղին բնական կազի եւ այլ ծառայութիւններու մատակարարումը խափանելէ կամ խոչընդոտելէ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment