Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանին ՀԱՊԿ-ի Առաքելութիւնը Կրնայ Տեղակայուիլ 1-2 Օրուայ Ընթացքին. Լաւրով

Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանին ՀԱՊԿ-ի Առաքելութիւնը Կրնայ Տեղակայուիլ 1-2 Օրուայ Ընթացքին. Լաւրով

by MassisPost

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) առաքելութիւն տեղակայելու առաջարկը կը մնայ արդիական: Այն կրնայ տեղակայուիլ, եթէ Երեւանը շահագրգռուած ըլլայ անով: Այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրով՝ Տմիթրի Քիսելեովին տուած հարցազրոյցին:

«Այն փաստը, որ ՀԱՊԿ-ը այս դժուարին իրավիճակին մէջ պատրաստեց (Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին) խաղաղապահ գործողութեան տեղակայման ծրագիր, կը կարծեմ, թէ շատ կարեւոր ձեռքբերում էր: Այս առաջարկը դեռ սեղանին է: Իսկ եթէ մեր հայաստանեան դաշնակիցները, ընկերները նախկինին պէս հետաքրքրուած են անով, ապա այս առաքելութիւնը կրնայ տեղակայուիլ ընդամէնը մէկ-երկու օրուայ ընթացքին», ըսած է Լաւրով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment