Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Լահէյի Դատարանը Ընդդէմ Ատրպէյճանի Գործով Որոշումը Պիտի Կայացնէ Յառաջիկայ Շաբաթներու Ընթացքին

Լահէյի Դատարանը Ընդդէմ Ատրպէյճանի Գործով Որոշումը Պիտի Կայացնէ Յառաջիկայ Շաբաթներու Ընթացքին

by MassisPost

Լահէյի դատարանը, որ մախօրէին լսեց Հայաստանի հայցը ընդդէմ Ատրպէյճանի, յառաջիկայ ամիսներուն, լաւագոյն պարագային շաբաթներու ընթացքին որոշում պիտի կայացնէ: Հայկական կողմը, հարցին հրատապութիւնը հաշուի առնելով, խնդրած է հնարաւորինս արագ արձագանգել իր դիմումին:

Հայաստանը միջազգային դատարանէն կը պահանջէ հրատապ միջոց կիրառել եւ պարտաւորեցնել Ատրպէյճանին` բանալ արդէն մէկուկէս ամիսէ փակուած Լաչինի միջանցքը, ապահովել մարդոց, փոխադրութեան ազատ, երկկողմ տեղաշարժը, ինչպէս նաեւ անյապաղ վերականգնել ուժանիւթի մատակարարումը:

Ատրպէյճանը, ի պատասխան, հակադարձեց, որ Հայաստանի մեղադրանքները անհիմն են: Ատրպէյճանի ներկայացուցիչ Էլնուր Մամետովի խօսքով` Հայաստանը Լաչինի միջանցքին փակ ըլլալը կ’օգտագործէ որպէս քաղաքական լծակ:

«Ատրպէյճանը ՄԱԿ-ի եւ ԵԱՀԿ-ի առջեւ վերահաստատած է, որ չէ պարտադրած որեւէ սահմանափակում Լաչինի երկայնքով երթեւեկելուն եւ ոչ ալ կրնար ընել, քանի որ 2020-ի Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ համաձայանագրին համաձայն` Լաչինի միջանցքը կը գտնուի Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահներու վերասկողութեան տակ: Բողոքի շարժումին մասնակիցները պարբերաբար կը յայտնեն, որ որեւէ նպատակ չունին եւ չեն ունեցած ճանապարհ փակելու: Իրականութեան մէջ ամէն օր տասնեակ ինքնաշարժներ եւ բեռնատարներ կ’անցնին բողոքի շարժումի վայրին կողքով: Մինչ ես այստեղ կը խօսիմ, 19 հոգի Կարմիր Խաչի ուղեկցութեամբ անցած են միջանցքով», ըսած է Մամետով:

Մինչդեռ հայկական կողմը նոյնինքն այդ կ’ընգծէ, որ ինքնաշարժները միայն Կարմիր Խաչի ուղեկցութեամբ կ’անցնին, Արցախի բնակիչներուն համար կեանքի ճանապարհը փակ է:

Հայաստանի ներկայացուցիչ Եղիշէ Կիրակոսեանը ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան Դատարանէն անյապաղ միջոցներ կ’ակնկալէր, հակառակ պարագային Լեռնային Ղարաբաղի հայերը անհնարին ընտրութեան առջեւ պիտի կանգնին` թողել իրենց պապենական տուները, կամ մնալ այնտեղ եւ սովամահ ըլլալ:

«Նախագահ Ալիեւը բացայայտ պահանջել է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հայերը հեռանան: Նա պնդել է, որ Ատրպէյճանի հիմնական պարտքը հայերին իրենց հողերից վտարելն է: Նա ասել է, որ հայերեն ոչ մի երգ չի երգուելու, եւ, որ այսուհետեւ ատրպէյճաներէնն է իշխելու այդ հողում», ըսաւ Կիրակոսեան:

ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարանին մէջ քննուեցաւ նաեւ Ատրպէյճանի հայցը ընդդէմ Հայաստանի: Պաքուն կը պահանջէ Հայաստանին պարտաւորեցնել դադրեցնել «ատրպէյճանական տարածքներու ականապատումը»: Հայկական կողմը եւս երկու ժամ ունեցաւ հակափաստարկներ ներկայացնելու համար:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment