Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան Փութինի Հետ Հեռախօսազրոյցի Ընթացքին Կարեւորած Է ԼՂ-ի Մէջ Մարդասիրական Ճգնաժամի Յաղթահարման Ուղղութեամբ Ռուսիոյ Կողմէ Անհրաժեշտ Քայլերու Իրականացումը

Փաշինեան Փութինի Հետ Հեռախօսազրոյցի Ընթացքին Կարեւորած Է ԼՂ-ի Մէջ Մարդասիրական Ճգնաժամի Յաղթահարման Ուղղութեամբ Ռուսիոյ Կողմէ Անհրաժեշտ Քայլերու Իրականացումը

by MassisPost

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:

Վարչապետ Փաշինեան անդրադարձած է Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ապօրինի շրջափակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամին եւ կարեւորած է անոր յաղթահարման ուղղութեամբ Ռուսիոյ կողմէ անհրաժեշտ քայլերու իրականացումը:

Այս ծիրին մէջ, անդրադարձ կատարուած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահ առաքելութեան գործունէութեան:

Զրուցակիցները քննարկած են 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ին, 2021 թուականի Յունուար 11-ին, Նոյեմբեր 26-ին եւ 2022 թուականի Հոկտեմբեր 31-ին ստորագրուած Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի առաջնորդներուն եռակողմ պայմանաւորուածութիւններու իրականացման վերաբերող հարցեր:

Միտքեր փոխանակուած են նաեւ հայ-ռուսական համագործակցութեան օրակարգային այլ հարցերու շուրջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment