Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Բանակը Մեզ Անհրաժեշտ Է Ոչ Թէ Պատերազմի, Այլ Խաղաղութեան Համար»

«Բանակը Մեզ Անհրաժեշտ Է Ոչ Թէ Պատերազմի, Այլ Խաղաղութեան Համար»

by MassisPost

Հայկական բանակի կազմաւորման 31-րդ տարեդարձի առիթով յղած իր ուղերձի ընթացքին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ներողութիւն  խնդրեց Յունուար 19-ի հրդեհին զոհ գացած զինծառայողներու ծնողներէն եւ հարազատներէն:

«Ներողութիւն եմ խնդրում նաեւ բոլոր այն ծնողներից, որոնց զաւակները բանակում զոհ են գնացել ոչ-կանոնադրական յարաբերութիւնների, պետութեան կամ կառավարութեան թոյլ տուած բացթողումների ու սխալների հետեւանքով ծագած անթոյլատրելի յարաբերութիւնների ու իրավիճակների», – ըսաւ վարչապետը:

Փաշինեանը նաեւ ընդգծեց. – «կառավարութիւնը լայնածաւալ բարեփոխումներ է ձեռնարկել բանակում, որոնց նպատակը իւրաքանչիւր զինուորի, իւրաքանչիւր սպայի աւելի կարող ու պրոֆէսիոնալ, միեւնոյն ժամանակ, աւելի բարեկեցիկ դարձնելն է»:

Վարչապետը նշեց, որ միջոցնէր կը ձեռնարկուին բանակը ժամանակակից սպառազինութեամբ եւ տեխնիկայով համալրելու ուղղութեամբ` փորձելով քաջալերել նաեւ տեղական արտադրողներուն:

Փաշինեան նաեւ այցելեց  Պաշտպանութեան նախարարութիւն, ուր ունեցած ելոյթի ընթացքին ան ըսաւ, եւ «երբ որ երբ մարդը, քաղաքացին հարկ է վճարում, նա իր աջ գրպանից գումարը տեղափոխում է ձախ գրպան, կամ հակառակը, որովհետեւ վճարուած հարկերի հաշուին է ապահովուում երկրի անվտանգութիւնը, կառուցւում ճանապարհներ, դպրոցներ եւ այլն»:
«Բանակը մեզ անհրաժեշտ է ոչ թէ պատերազմի, այլ խաղաղութեան համար, որովհետեւ Զինուած Ուժերի բարեփոխումներն առաջին հերթին մեզ համար կարեւոր են կառավարութեան որդեգրած խաղաղութեան օրակարգն առաջ մղելու համար»: «Մենք չպէտք է շեղուենք այդ օրակարգից եւ պէտք է հետեւողականօրէն առաջ մղենք խաղաղութեան օրակարգը», – ըսաւ  Փաշինեան Պաշտպանութեան Նախարարութեան մէջ իր ունեցած ելոյթի ընթացքին:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment