Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Հռոմի Պապը Կրկին Իր Մտահոգութիւնը Յայտնած Է Լաչինի Միջանցքին Հարցով

Հռոմի Պապը Կրկին Իր Մտահոգութիւնը Յայտնած Է Լաչինի Միջանցքին Հարցով

by MassisPost

Հռոմի քահանայապետ Ֆրանչիսկոս Պապը Յունուար 29-ին կրկին իր մտահոգութիւնը յայտնած է Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի անօրինական արգելափակման վերաբերեալ: «Կը վերահաստատեմ իմ կոչը Հարաւային Կովկասի մէջ Լաչինի միջանցքին մէջ տիրող մարդասիրական ծանր իրավիճակին առնչութեամբ: Իմ մտերմութիւնս կը յայտնեմ բոլոր անոնց, որոնք ձմրան կէսին ստիպուած են դիմակայել այս անմարդկային պայմանները: Անհրաժեշտ է միջազգային մակարդակով գործադրել բոլոր ջանքերը` մարդոց բարօրութեան համար խաղաղ լուծումներ գտնելու նպատակով», ըստ Սուրբ Աթոռին մէջ Հայաստանի դեսպանութեան տարածած հաղորդագրութեան յայտնած է Հռոմի պապը:

Որպէս աւանդոյթին` քահանայապետը Անճելուս Տոմինի կիրակնօրեայ աղօթքէն յետոյ հանդէս կու գայ միջազգային մտահոգիչ հիմնախնդիրներու առնչութեամբ, որ կը հեռարձակուի ռատիոյով եւ հեռուստատեսութեամբ ու լայնօրէն կը լուսաբանուի ընկերային ցանցերու միջոցով: Այս ուղերձը Հռոմի Պապը հնչեցուցած է Յունուարի 29-ի կէսօրին` Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ հաւաքուած բազմահազար հաւատացեալներու առջեւ. Լաչինի միջանցքի մարդասիրական հետեւանքներուն Հռոմի Պապը անդրադարձած էր նաեւ անցեալ տարուան Դեկտեմբեր 18-ին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment