Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ֆրանսան Միշտ Եղած Է Հայաստանի Կողքին` Երկրին Ինքնիշխանութիւնն Ու Անկախութիւնը Ամրապնդելու Հարցով. Ֆրանսայի ԱԺ Նախագահ

Ֆրանսան Միշտ Եղած Է Հայաստանի Կողքին` Երկրին Ինքնիշխանութիւնն Ու Անկախութիւնը Ամրապնդելու Հարցով. Ֆրանսայի ԱԺ Նախագահ

by MassisPost

Ֆրանսայի Ազգային Ժողովի նախագահ Եաէլ Պրաուն-Փիւեն կը վստահեցնէ, որ Ֆրանսան միշտ եղած է Հայաստանի կողքին` ամրապնդելու երկրին ինքնիշխանութիւնն ու անկախութիւնը. Ֆրանսան կանգնած է եղբայրական երկիրներու կողքին, որոնց տարածքային ամբողջականութիւնը կ’ենթարկուի սպառնալիքներու: Եաէլ Պրաուն-Փիւեն այս մասին ըսաւ ՀՀ Աազգային Ժողովին մէջ ԱԺ նախագահին հետ հանդիպումէն յետոյ լրագրողներուն համար իր յայտարարութեան մէջ:

Ֆրանսայի ԱԺ նախագահը նշեց, որ իրենք պարտաւոր էին ըլլալ Հայաստանի մէջ, քանի որ առկայ են լարուածութիւններ, որոնք կ’աշխուժանան, կը բռնկին եւ խոցելի կը դարձնեն Հայաստանը: «Եւ մենք` Ֆրանսան, պէտք է կանգնած ըլլանք եղբայրական երկիրներու կողքին, որոնց տարածքային ամբողջականութիւնը կ’ենթարկուի սպառնալիքներու, յարձակումներու» ըսաւ Ֆրանսայի ԱԺ նախագահը:

Անոր խօսքով` Սեպտեմբերին Հայաստանի դէմ ատրպէյճանական սադրանքները աղմուկ բարձրացուցած են Ֆրանսայի մէջ, եւ ԱԺ-ն արձագանգած է անոր: Մասնաւորապէս, ընդունուած է բանաձեւ, որ կը պահանջէ Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի նկատմամբ յարձակումը դադրեցնել եւ Հարաւային Կովկասի մէջ երկարատեւ խաղաղութիւն հաստատել:

«Ինչպէս գիտէք` Ֆրանսան միշտ եղած է Հայաստանի կողքին` ամրապնդելու երկրին ինքնիշխանութիւնն ու անկախութիւնը: Կառավարութեան եւ նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի, ընդհանրապէս մեր երկրին զգօնութիւնը ամբողջական է», վստահեցուց ան` յաւելելով, որ Ֆրանսան համերաշխ է Հայաստանի հետ:

Ֆրանսան շատ անհանգիստ է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրավիճակին առնչութեամբ: «Մենք մտահոգուած ենք, քանի որ շրջափակումը մարդասիրական այնպիսի իրավիճակ կը ստեղծէ, որ երթալով կը վատթարանայ», նշեց Եաէլ Պրաուն-Փիւեն:

Ֆրանսայի ԱԺ նախագահին ղեկավարած պատուիրակութիւնը Հայաստանի մէջ պիտի հանդիպի ոչ-կառավարական շարք մը կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ, որոնք կ’աշխատին շրջափակման հետեւանքով տուժած մարդոց հետ: Ֆրանսայի ԱԺ նախագահը կարեւորեց ճանապարհի բացումը, ելեկտրականութեան մատակարարման վերականգնումը, համացանցի վերականգնումը:

«Մենք ամէն ինչ պիտի ընենք, որ խուսափինք մարդասիրական աղէտէն: Կը փափաքիմ նաեւ մեր մտահոգութիւնը յայտնել պատմական եւ մշակութային ժառանգութեան առումով, որ այսօր վտանգուած է եւ կրնայ ոչնչացուիլ: Մօտ 1500 հայկական մշակութային եւ պատմական ժառանգութեան նմոյշներ պէտք է անպայման պահպանուին: Ֆրանսան ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի հետ միասին ջանքեր պիտի գործադրէ այդ ուղղութեամբ: Ժառանգութիւնը մեր պատմութիւնն է: Մենք համոզուած ենք, որ անհրաժեշտ է վերականգնել բոլոր կողմերուն միջեւ երկխօսութիւնը, որ հասնինք խաղաղ ու կայուն լուծման», ըսաւ ան:

Ֆրանսայի ԱԺ նախագահը ողջունեց նաեւ միջխորհրդարանական այն համաձայնութիւնը, որ ստորագրած են ԱԺ նախագահին հետ, այն պէտք է թոյլ տայ աւելի ամրապնդելու բարեկամական կապերը, խորհրդարաններուն միջեւ գոյութիւն ունեցող խոր յարաբերութիւնները:

Ֆրանսայի ԱԺ նախագահ  Եաէլ Պրաուն-Փիւեն անդրադարձաւ Ֆրանսայի կողմէ Արցախի անկախութիւնը ճանչնալու վերաբերեալ հարցին:

«Ֆրանսան չի ճանչնար Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը, եւ սա համապատասխան է միջազգային իրաւունքին, որուն մենք կ’ենթարկուինք», ըսաւ Ֆրանսայի Ազգային Ժողովի նախագահը` պատասխանելով լրագրողի հարցին, թէ արդեօք ճիշդ ժամանակը չէ՞ ճանչնալու Արցախի անկախութիւնը` հաշուի առնելով այն, որ Ատրպէյճանը մարդասիրական աղէտ ստեղծած է այնտեղ:

Ֆրանսան այսօր կը համարէ, որ ամէնէն կարեւորը հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումն է ու երկխօսութեան վերականգնումը: Այս մասին ըսաւ Ֆրանսայի ԱԺ նախագահ Եաէլ Պրաուն-Փիւեն, պատասխանելով հարցին, թէ ինչո՞ւ Ֆրանսան յայտարարութիւններուն զուգահեռ պատժամիջոցներ չի կիրառեր նախայարձակ համարուող Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի նկատմամբ, որուն գործողութիւններուն հետեւանքով կը զոհուին խաղաղ բնակիչներ, գրաւուած են Հայաստանի տարածքներ, փակուած է Արցախի ճանապարհը:

«Այսօր մենք կը համարենք, որ ամէնէն կարեւորը խաղաղ կարգաւորումն է ու երկխօսութեան վերականգնումը, մեր բոլոր ջանքերն ուղղուած են անոր: Այսօր կը կարծենք, որ այլ ճանապարհներ կիրառելը տեղին չէ, քանի դեռ հնարաւոր խաղաղութեան ու երկխօսութեան ճանապարհը սպառած չէ, քանի դեռ ամէն ինչ չենք փորձած այս առումով: Մեր ներուժը 100 տոկոսով դէպի այդ կարգաւորման ուղղուած է», ըսաւ Եաէլ Պրաուն-Փիւեն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment