Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստան Կը Փափաքի Հնդկաստանէն Գնել MRSAM Միջին Հեռահարութեան Զենիթահրթիռային Համալիրներ․ IDRW

Հայաստան Կը Փափաքի Հնդկաստանէն Գնել MRSAM Միջին Հեռահարութեան Զենիթահրթիռային Համալիրներ․ IDRW

by MassisPost

Հայաստան կը փափաքի Հնդկաստանէն գնել MRSAM միջին հեռահարութեան զենիթահրթիռային համալիրներ (ԶՀՀ): Այս մասին յայտնած է Indian Defence Research Wing մասնագիտացուած կայքը:

Կը նշուի, որ Հայաստանը այդ կերպ կը փափաքի փոխարինել իր սպառազինութեան մէջ գտնուող խորհրդային արտադրութեան «Փեչորա» «Ս-125» զենիթահրթիռային համալիրները:

Ըստ աղբիւրին` Հնդկաստանը Հայաստանին առաջարկած է նաեւ «Akash» եւ «Akash-NG» համակարգեր, որոնք նոյնպէս սեփական արտադրութեան են: Թէեւ MRSAM զենիթահրթիռային համալիրները կ’արտադրուին Հնդկաստանի մէջ, որոշ արհեստագիտութիւններ փոխառնուած են Իսրայէլէն:

Միաժամանակ, IDRW-ն կը նշէ, որ Նիւ Տելհին սահմանափակումներ չունի MRSAM համակարգերու արտահանման առումով: Տուեալ գործարքը ուշագրաւ պիտի ըլլայ անով, որ Հայաստանի հիմնական հակառակորդը` Ատրպէյճանը, նոյնպէս մեծապէս կախուած է իսրայէլեան մատակարարումներէն, մասնաւորապէս, անոր սպառազինութեան մէջ են «Barak-8» ԶՀՀ-ները:

Indian Defence Research Wing-ի հաղորդմամբ` МRSAM համակարգերու գործողութեան շառաւիղը կը կազմէ 70 քիլոմեթր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment