Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ԱՄՆ Ծերակուտականները Նամակ Յղած Են Պետական Քարտուղար Պլինքընին` Յորդորելով Օգնել Արցախին

ԱՄՆ Ծերակուտականները Նամակ Յղած Են Պետական Քարտուղար Պլինքընին` Յորդորելով Օգնել Արցախին

by MassisPost

Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակումը աւերիչ հետեւանքներ ունի արդէն իսկ խոցելի տարածաշրջանին համար, որ դեռ կը վերականգնուի 2020 թուականի ատրպէյճանական յարձակման ետցնցումներէն: Չնայած պնդումներուն, որ շրջափակումը կ’իրականացուի «բնապահպաններու» կողմէ, ինչպէս կ’երեւի, վերջնական պատասխանատուութիւնը կը կրէ Ատրպէյճանի մէջ Ալիեւի վարչակարգը: Աւելին, ռուսական ուժերը, որոնց վստահուած է խաղաղութեան պահպանումը, յստակօրէն ձախողած են իրենց պարտականութիւնները: Այս մասին ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընին ուղղուած նամակին մէջ գրած են ԱՄՆ ծերակուտականներ Պոպ Մենենտեսը եւ Ճէք Ռիտը:

Նամակին մէջ ծերակուտականները կը ներկայացնեն ՀՀ Արտաքին Գործերու Նախարարութեան եւ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանին հաղորդագրութիւնները Լաչինի միջանցքի շրջափակման նպատակներուն եւ հետեւանքներուն մասին: Կը նշուի, որ Արցախի մէջ կայ սննդամթերքի պակաս, ինչ որ լուրջ մտահոգութեան առիթ է:

«Միացեալ Նահանգները չի կրնար մէկ կողմ կանգնիլ, մինչ Ալիեւի վարչակարգը անզգամաբար կը սպառնայ Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքացիներու կեանքին, եւ պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկէ Ատրպէյճանը` սննդամթերքի եւ առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներու հասանելիութենէն քաղաքացիական բնակչութիւնը զրկելու համար», գրուած է նամակին մէջ:

Ծերակուտականները նաեւ գոհունակութիւն յայտնած են ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութեան խօսնակի վերջին յայտարարութիւններուն առնչութեամբ, որոնցով Ատրպէյճանի կառավարութեանը կոչ կը կատարուէր վերականգնելու ազատ տեղաշարժը Լեռնային Ղարաբաղի մէջմ:

«Մենք կ’ողջունենք մարդասիրական ճգնաժամ յառաջացնող այս շրջափակման համար Ատրպէյճանի պատասխանատուութեան ճանաչումը, սակայն միեւնոյն ժամանակ Միացեալ Նահանգները պէտք է քայլերու ձեռնարկէ պաշարուած բնակչութեան համար մարդասիրական եւ առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներու ազատ հոսքը վերականգնելու ուղղութեամբ: Մենք պէտք է աջակցինք կազմակերպութիւններուն, որոնք կ’աշխատին օգնութիւն տրամադրելու ուղղութեամբ, եւ պէտք է աշխատինք մեր համախոհ գործընկերներուն հետ ամբողջ Եւրոպայի մէջ, որոնք նոյնպէս մտահոգութիւն յայտնած են Պաքուի գործողութիւններուն առնչութեամբ, որպէսզի ճնշենք Ալիեւի վարչակարգին` դադրեցնել այս անընդունելի շրջափակումը», կը նշեն ԱՄՆ ծերակուտականները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment