Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Անընդունելի Է Լեռնային Ղարաբաղի Հայաթափման Լուռ Վկայ Դառնալ․ ՀՀ Վարչապետ

Անընդունելի Է Լեռնային Ղարաբաղի Հայաթափման Լուռ Վկայ Դառնալ․ ՀՀ Վարչապետ

by MassisPost

Լաչինի միջանցքի շուրջ 18 օր փակ ըլլալու հետեւանքով Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական իրավիճակը օր-օրի կը սրի, կառավարութեան նիստին ժամանակ ըսաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:

Լեռնային Ղարաբաղի հարիւրաւոր ընտանիքներ կը շարունակեն մնալ կիսուած` յայտնուած ըլլալով շրջափակման մէջ տարբեր կողմերու մէջ, նշեց վարչապետը` շարունակելով, որ առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներու պակասը կը դառնայ աւելի ու աւելի զգալի, խանութներուն ցուցափեղկերը դատարկուած են, հանրային տեղերուն մէջ սնունդի մատակարարման սահմանափակումներ կը մտցուին, հանրութիւնը կը գտնուի ընկերա-հոգեբանական լարուած վիճակի մէջ:

Գործադիրի ղեկավարը տեղեկացուց, որ մարդասիրական ճգնաժամի կառավարման հարցով Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին աջակցելու նպատալով աշխատանքային խումբ պիտի ձեւաւորուի` փոխվարչապետ Տիգրան Խաչատրեանի գլխաւորութեամբ, որուն խնդիրը, ըստ Փաշինեանի, Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւններուն հետ մարդասիրական հարցերու մշտադիտարկում իրականացնելն ու անհրաժեշտ հրատապ աջակցութիւն ցուցաբերելը պիտի ըլլայ, այդ շարքին` միջազգային կազմակերպութիւններու օգնութեամբ:

Աշխատանքային խումբին մէջ պիտի ընդգրկուին առողջապահութեան, աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու, տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարները, ինչպէս նաեւ այլ գերատեսչութիւններու ներկայացուցիչներ:

Փաշինեան նաեւ տեղեկացուց, որ կառավարութեան որոշմամբ, Լեռնային Ղարաբաղին 4 միլիառ դրամի լրացուցիչ աջակցութիւն պիտի ցուցաբերուի:

«ԼՂ ժողովրդին անհրաժեշտ մարդասիրական, ընկերա-հոգեբանական աջակցութիւն ցուցաբերելը բացարձակ անհրաժեշտութիւն է: Մարդասիրական ճգնաժամի միջազգային հանրահռչակումը նոյնպէս մեր ամէնօրեայ աշխատանքի մասը պիտի դառնայ», ըսաւ վարչապետը:

Կրկին ընդգծելով, որ Լաչինի միջանցքին փակումը 2020-ի Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան 6-րդ կէտի կոպիտ խախտում է` Փաշինեանը այդ կէտը խախտելու մէջ մեղադրեց Ատրպէյճանն ու Ռուսիան` նկատելով, որ Ատրպէյճանը այդ կէտով կ’երաշխաւորէ Լաչինի միջանցքով քաղաքացիներու, փոխադրութեան միջոցներու եւ բեռներու երթեւեկութեան անվտանգութիւնը, իսկ Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրախումբը վերահսկողութեան տակ կը պահէ Լաչինի միջանցքը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment