Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Եղբայրական Ժողովուրդին Կը Մաղթեմ Խաղաղութիւն Եւ Բարգաւաճում. Վլատիմիր Փութինը Շնորհաւորական Ուղերձ Յղած Է Նիկոլ Փաշինեանին

Հայաստանի Եղբայրական Ժողովուրդին Կը Մաղթեմ Խաղաղութիւն Եւ Բարգաւաճում. Վլատիմիր Փութինը Շնորհաւորական Ուղերձ Յղած Է Նիկոլ Փաշինեանին

by MassisPost

Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին շնորհաւորական ուղերձ յղած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին` գալիք Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առթիւ:

Ուղերձին մէջ, մասնաւորապէս, նշուած է.

«Յարգելի Նիկոլ Վովայի,

Ընդունեցէք ամանորեայ եւ սուրբծննդեան սրտանց շնորհաւորանքներ:

Անցնող տարին Ռուսիոյ եւ Հայաստանի համար յոբելենական էր. մենք նշեցինք դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակը եւ Բարեկամութեան, համագործակցութեան եւ փոխադարձ օգնութեան մասին պայմանագրի ստորագրման 25-ամեակը:

Կարեւոր է, որ Ձեր պաշտօնական այցի ընթացքին կարելի եղաւ ամրագրել երկկողմ դաշնակցութեան ռազմավարական ուղղուածութիւնը, նախանշել տարբեր ուղղութիւններով, այդ շարքին` Եւրազէս, ՀԱՊԿ եւ ԱՊՀ ձեւաչափերուն մէջ գործընկերային փոխգործակցութեան հետագայ զարգացման քայլերը:

Կ’ակնկալեմ շարունակել երկկողմ եւ տարածաշրջանային օրակարգի արդիական հարցերուն շուրջ մեր երկխօսութիւնը եւ կառուցողական համատեղ աշխատանքը:

Անկեղծօրէն կը մաղթեմ Ձեզ քաջառողջութիւն, բարեկեցութիւն եւ յաջողութիւններ, իսկ Հայաստանի եղբայրական ժողովուրդին` խաղաղութիւն եւ բարգաւաճում»:

 

4) Խնդիրը Ռուս Խաղաղապահին Մէջ Չէ,  Մանտաթին Մէջ Է. Դաւիթ Բաբայեան

Արցախի մէջ համոզուած են, որ Լաչինի միջանցքին ստեղծուած ճգնաժամի լուծման բանալին ռուս խաղաղապահները միջազգային մանտաթով օժտելն է, որպէսզի անոնք կարենան խաղաղութիւն պարտադրել, ինչպէս, օրինակ, Քոսովոյի կամ Պոսնիայի մէջ:

Արտաքին գործերու նախարարի պաշտօնակատար Դաւիթ Բաբայեանը, որ Լաչինի միջանցքը փակ ըլլալու պատճառով շուրջ երեք շաբաթէ Երեւանէն չի կրնար Արցախ մեկնիլ, «Ազատութեան» հետ զրոյցին ըսաւ, որ նոյնիսկ եթէ ռուսերուն փոխարինեն այլ երկիրներու խաղաղապահներ, առանց միջազգային մանտաթի որեւէ հարց պիտի չլուծուի:

«Եթէ այդ մանտաթը չկայ, չեն կարողանում ուժ կիրառել նոյն այդ «բնապահպան-ահաբեկիչների» նկատմամբ, ո՞նց անեն: Այստեղ սա է ամենակարեւորը, առանցքային բաղադրիչը` մանտաթը: Այսինքն` ՄԱԿ-ից ստանալ համապատասխան լիազօրութիւններ: Ինչ վերաբերում է այս զօրախմբին, այստեղ խնդիրը ռուսները չեն: Մենք պէտք է լաւ հասկանանք: Խնդիրը Ատրպէյճանն ու Թուրքիան են: Հիմա եթէ առանց մանտաթ գայ այլ ինչ-որ խաղաղապահ, Ֆինլանտայից, ի՞նչ է, Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը խելօ՞ք են իրենց պահելու: Ի հարկէ ոչ: Էլի ռուսներից աւելի շատ են քաշւում, քան կը քաշուէին, ասենք, ֆիններից, նորվեկիացիներից… ամենայն յարգանքով այդ երկրների նկատմամբ», ըսաւ Բաբայեան:

Ան կը զարմանայ, թէ ինչու բոլորը կը խօսին միայն ռուս խաղաղապահներու մասին` մոռնալով, որ Ատրպէյճանը փակած է Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհը:

«Այս պահին հարուածել ռուս խաղաղապահներին, նշանակում է խեղդամահ անել Արցախը», կ’ըսէ արտաքին գործերու նախարարին պաշտօնակատարը: – «Ո՞վ է մեղաւոր էս ամէն ինչում: Ռո՞ւսն ա մեղաւոր: Ինչո՞ւ էք այդ գիծը տանում»:

Դաւիթ Բաբայեանը կը յորդորէ միջազգային հանրութեան մէկ կողմ դնել Արեւմուտք-Ռուսիա հակասութիւնները եւ 120 հազար մարդ մարդասիրական աղէտէ փրկելու համար յստակ քայլերու ձեռնարկել. «Բերէք կոտորէք, սպաննէք արցախցիներին, թէ ինչ է իրենք իրար հետ խնդիր ունեն` Արեւմուտքն ու Ռուսաստանը… Խաղաղապահ առաքելութիւնը մարդասիրական է, չէ՞, ի՞նչ կապ ունի աշխարհաքաղաքական խնդիրների հետ: Մի կողմ դրէք, խնդրում եմ, գոնէ մեր պարագայում մի կողմ դրէք, էս հարիւր քսան հազար մարդուն սովամահ չանենք»:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment