Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Կարօ Փայլան Լաչինի Միջանցքին Վերաբերեալ Կոչով Դիմած Է Էրտողանին

Կարօ Փայլան Լաչինի Միջանցքին Վերաբերեալ Կոչով Դիմած Է Էրտողանին

by MassisPost

Թուրքիոյ խորհրդարանի ընդդիմադիր հայ պատգամաւոր, Ժողովուրդներու Դեմոկրատական Կուսակցութեան (ԺԴԿ-HDP) անդամ Կարօ Փայլան անդրադարձած է Գորիս-Ստեփանակերտ ճանապարհի` Լաչինի միջանցքի հարցին:

Ան կոչ ըրած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանին «պատասխանատուութիւն ստանձնելու Լեռնային Ղարաբաղի արգելափակումը դադրեցնելու հարցով»:

«Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ հանգստութեան հաստատումը, բախումներու եւ լարուածութեան կանխումը նաեւ Թուրքիոյ օգտին է: Եթէ Լեռնային Ղարաբաղի մարդասիրական ճգնաժամի վերացման ուղղութեամբ բոլորս միասին պատասխանատուութիւն ստանձնենք, ապա թէ՛ Ատրպէյճան-Հայաստան խաղաղութեան գործընթացին եւ թէ՛ Թուրքիա-Հայաստան կարգաւորման գործընթացին մէջ կրնանք վերադառնալ դրական օրակարգի», նշած է ան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment