Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Պաշտօնական Երեւանը Կ’ողջունէ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի Անդամներուն Յայտարարութիւնները

Պաշտօնական Երեւանը Կ’ողջունէ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի Անդամներուն Յայտարարութիւնները

by MassisPost

Պաշտօնական Երեւանը կ’ողջունէ Միացեալ Ազգերի Կազմակերպութեան (ՄԱԿ) Անվտանգութեան Խորհուրդի (Ախ) անդամներուն յայտարարութիւնները, որոնց մէջ անոնց մեծ մասը պահանջեց ապաշրջափակել Լաչինի միջանցքը:

ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան արդարացի եւ սկզբունքային համարած է Անվտանգութեան Խորհուրդի անդամներուն կեցուածքը:

«ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհրդի քննարկումը յստակ ցոյց է տալիս Ատրպէյճանի արգելափակուած Լաչինի միջանցքի անմիջապէս եւ առանց նախապայմանների բացման հարցում միջազգային ուժեղ եւ միանշանակ համախոհութիւնը: Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ անվտանգ եւ ապահով կապը պէտք է վերականգնուի», Թուիթըրով գրած է արտաքին գործերու նախարարը:

Հայաստանը կոչ կ’ընէ ՄԱԿ-ի կառոյցներուն փաստահաւաք առաքելութիւն ուղարկել Լեռնային Ղարաբաղ` այնտեղ ստեղծուած իրավիճակին ծանօթանալու համար: Անցած գիշեր Նիւ Եորքի մէջ պաշտօնական Երեւանի պահանջքով հրաւիրուած ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի նիստի ընթացքին այդ մասին յայտնեց կազմակերպութեան մէջ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Մհեր Մարգարեանը:

«Ստեղծուած իրավիճակում մենք կոչ ենք անում ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհրդին քայլեր ձեռնարկել` պահանջելով, որ Ատրպէյճանը լիարժէք յարգանք ցուցաբերի 2020 թուականի Նոյեմբերի 9-ի եռակողմ յայտարարութեան դրոյթների հանդէպ եւ անմիջապէս ու առանց նախապայմանների ապաշրջափակի Լաչինի միջանցքը` վերացնելով անվտանգ եւ անարգել ճանապարհային երթեւեկութեան բոլոր խոչընդոտները: Կոչ ենք անում նաեւ փաստահաւաք առաքելութիւն ուղարկել Լաչինի միջանցք եւ Լեռնային Ղարաբաղ` տեղում ստեղծուած մարդասիրական կացութիւնը գնահատելու եւ ՄԱԿ-ի մարդասիրական կառոյցների անարգել մուտքը ապահովելու համար», կը յայտնէր ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչը:

Հակադարձելով հայկական կողմի պնդումներուն` ՄԱԿ-ի մէջ Ատրպէյճանի դեսպան Եաշար Ալիեւ մէկ անգամ եւս պնդեց, որ Լեռնային Ղարաբաղ անուանումով տարածաշրջան գոյութիւն չունի, իսկ Լաչինի ճանապարհը որեւէ մէկը չէ արգելափակած: Ալիեւի պնդմամբ` Պաքուն արդէն իսկ ուղղակի շփումներու մէջ է տեղի հայութեան հետ: Որպէս նման, իր բնորոշմամբ, յաջողած շփումներու օրինակ ատրպէյճանցի դիւանագէտը կը մատնանշէր Լաչինի նոր ճանապարհի կառուցումն ու ատրպէյճանցի մասնագէտներուն այցելութիւնները Սարսանգի ջրամբար:

«Ըստ ամենայնի` Հայաստանին եւ որոշ երրորդ պետութիւններուն այնտեղ արձանագրուող այս դրական զարգացումները երթալով աւելի ու աւելի կը մտահոգեն, ուստի անոնք կը դիմեն ամէն տեսակի սադրանքներու` լարուածութիւն ստեղծելու եւ կարգաւորման փխրուն գործընթացը խափանելու նպատակով: Ատրպէյճանի բնական պաշարներու անօրինական շահագործման մէջ ուղղակիօրէն ներքաշուած եւ տարածաշրջանի հետ որեւէ կապ չունեցող տխրահռչակ գործարար Ռուբէն Վարդանեանի` Ատրպէյճանի Ղարաբաղի տարածաշրջանին մէջ ի յայտ գալը, ինչպէս նաեւ որոշ արտաքին դերակատարներու ապակայունացնող գործողութիւնները այս ամէնուն վառ վկայութիւնն են», կը յայտարարէր ՄԱԿ-ի մէջ Ատրպէյճանի մշտական ներկայացուցիչը:

Մօտ մէկուկէս ժամ տեւած քննարկման ընթացքին Լաչինի միջանցքին մէջ ստեղծուած կացութեան անդրադարձան ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի մէկ տասնեակէ աւելի պետութիւններու դիւանագէտները` այդ շարքին բոլոր մշտական անդամները: Ֆրանսայի ներկայացուցիչը կը պահանջէր անյապաղ ապաշրջափակել Լաչինի միջանցքը եւ հնարաւորութիւն տալ ՄԱԿ-ի կառոյցներուն մուտք գործել տարածաշրջան: Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչին ելոյթը նուիրուած էր Հայաստանը Լեռնային Ղարաբաղին կապող ճանապարհի փակման թէ՛ մարդասիրական եւ թէ՛ քաղաքական հետեւանքներուն:

«Միացեալ Նահանգները խորապէս մտահոգուած է Լաչինի միջանցքի օգտագործման հարցով խոչընդոտներու շարունակական առկայութեան եւ աճող մարդասիրական հետեւանքներուն առթիւ: Թոյլ տուէք շատ յստակօրէն արտայայտուիլ, որ Լաչինի միջանցքի օգտագործման հարցով յարուցուող խոչընդոտները խաղաղ գործընթացի մէջ յետընթացի կը յանգեցնեն: Անոնք կը խաթարեն այս գործընթացին հանդէպ առկայ միջազգային վստահութիւնը: Նման գործողութիւնները ծանրագոյն մարդասիրական խնդիրներու կրնան յանգեցնել: Կոչ կ’ընենք Ատրպէյճանի կառավարութեան եւ միջանցքի անվտանգութեան համար պատասխանատու միւս ուժերուն` շուտափոյթ կերպով վերականգնելու ազատ տեղաշարժը` այդ շարքին մարդասիրական եւ առեւտրային նպատակներով», կը յայտարարէր ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի նիստին մասնակցող Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչը:

Ռուսիան ներկայացնող դիւանագէտին խօսքով` ճգնաժամի սկիզբէն ի վեր նոյն ինքն Մոսկուան է, որ աշխուժօրէն կ’աշխատի անոր յաղթհարաման ուղղութեամբ:

«Կ’ակնկալենք, որ լիարժէք ճանապարհային հաղորդակցութիւնը կը վերականգնուի ամենամօտ ապագային: Ռուսական կողմը` Պաշտպանութեան Նախարարութեան, խաղաղապահ զօրախումբին, նաեւ Արտաքին Գործերու Նախարարութեան ներգրաւմամբ վերջին օրերուն կը գործադրէ բոլոր անհրաժեշտ ջանքերը Լաչինի միջանցքին մէջ իրավիճակի շուտափոյթ կարգաւորման համար: Ատրպէյճանցի եւ հայ գործընկերներուն հետ պարբերական շփումներ կազմակերպուած են: Այդ աշխատանքին շնորհիւ հնարաւոր եղած է հասնիլ Լեռնային Ղարաբաղ կազի մատակարարման վերականգնման եւ Լաչինի միջանցքի մասնակի ապաշրջափակման: Կը համաձայնեցուին Ատրպէյճանի բնապահպան փորձագէտներու` Լեռնային Ղարաբաղի հանքավայրեր այցելութիւններուն չափանիշերը», կը յայտարարէր Ռուսիոյ ներկայացուցիչը:

ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի նիստի ընթացքին հնչած ամենահասցէական յայտարարութեան հեղինակը դարձաւ Իրլանտայի ներկայացուցիչը:

«Իրլանտան կոչ կ’ընէ ատրպէյճանական իշխանութիւններուն առանց նախապայմաններու վերականգնելու Լաչինի միջանցքով տեղաշարժի ազատութիւնն ու անվտանգութիւնը` 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան դրոյթներուն համապատասխան: Կոչ կ’ընենք նաեւ շարունակելու հաշտեցման գործընթացը, ինչ որ թոյլ պիտի տայ խուսափիլ մարդկային կեանքերու հետագայ անիմաստ կորուստէն: Իրլանտան կողմ է հարցի բանակցութիւններու միջոցով ձեռք բերուած, համապարփակ լուծման` այդ շարքին Լեռնային Ղարաբաղի երկարաժամկէտ կարգավիճակի յստակացման: Մենք կը վերհաստատենք մեր լիակատար աջակցութիւնը բանակցութիւններու միջազգային ձեւաչափին` ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբին, որ պէտք է հասնի վերը նշուած նպատակի իրագործման», կը յայտարարէր ՄԱԿ-ի մէջ Իրլանտայի ներկայացուցիչը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment