Տիգրան Խաչատրեանը ազատուած է ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնէն եւ նշանակուած է Հայաստանի փոխվարչապետ: Նախագահը հրամանագրերը ստորագրած է:
Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութեան մէջ Խաչատրեանը նախ զբաղեցուց տնտեսութեան, ապա՝ ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնը:
Տիգրան Խաչատրեանը պիտի փոխարինէ մէկ շաբաթ առաջ պաշտօնէն ազատուած, ՔՊ-ական Համբարձում Մաթեւոսեանին, որ այդ պաշտօնը զբաղեցուց ընդամէնը մէկ տարի: