Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Հռոմի Պապը Մտահոգութիւն Յայտնած Է Լաչինի Միջանցքին Տիրող Մարդասիրական Իրավիճակին Առնչութեամբ

Հռոմի Պապը Մտահոգութիւն Յայտնած Է Լաչինի Միջանցքին Տիրող Մարդասիրական Իրավիճակին Առնչութեամբ

by MassisPost

Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապը մտահոգութիւն յայտնած է Հարաւային Կովկասի` Լաչինի մէջ տիրող մարդասիրական իրավիճակին համար, կը հաղորդէ Vaticannews-ը:

«Զիս կ’անհանգստացնեն մարդոց մարդասիրական անկայուն պայմանները, որոնք ձմրան ընթացքին կը գտնուին հետագայ վատթարացման վտանգի տակ», ըսած է ան:

Հրապարակման մէջ կը նշուի, որ Դեկտեմբեր 12-էն Ատրպէյճանը փակած է Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանին կապող միակ մայրուղին` Լաչինի միջանցքը, որուն հետեւանքով շուրջ 120 հազար մարդ, ներառեալ` 30 հազար երեխայ մեկուսացուած է, զրկուած է սնունդէն, դեղորայքէն եւ կենսական անհրաժեշտութեան այլ կարիքներէ:

Կիրակի օրը Հռոմի Պապը բոլոր կողմերուն կոչ ըրած է խաղաղ լուծում գտնելու` յանուն մարդոց բարօրութեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment