Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀԱՊԿ-ը Մտադիր Չէ Հայաստանէն Հեռանալու, Կայացուած Են Հաւասարակշռուած Եւ Համարժէք Որոշումներ. Սթանիսլաւ Զաս

ՀԱՊԿ-ը Մտադիր Չէ Հայաստանէն Հեռանալու, Կայացուած Են Հաւասարակշռուած Եւ Համարժէք Որոշումներ. Սթանիսլաւ Զաս

by MassisPost

Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Սթանիսլաւ Զաս յայտնած է, որ ՀԱՊԿ-ը մտադրութիւն չունի Հայաստանէն հեռանալու կամ երես թեքելու Հայաստանի խնդիրներէն: Սթանիսլաւ Զասը այս մասին յայտնեց տարեկան ամփոփիչ ասուլիսի ժամանակ` պատասխանելով հարցին, թէ մտադի՞ր է արդեօք ՀԱՊԿ-ը Հայաստանէն հեռանալու:

«Ի հարկէ, ոչ: Եւ այն միջոցառումները, որոնք կայացուցած ենք այս տարի, անոր մասին կը վկայեն: Պետութիւններու ղեկավարները երեք անգամ քննարկած են իրավիճակը հայ-ատրպէյճանական սահմանին, սահման ուղարկուած է ՀԱՊԿ համապատասխան առաքելութիւն, պատրաստուած է համապատասխան որոշում եւ առաջարկուած է համաձայնեցուած միջոցառումներու փաթեթ Հայաստանի Հանրապետութեանն օգնութիւն ցուցաբերելու վերաբերեալ, ուստի ՀԱՊԿ-ի կողմից բոլոր անհրաժեշտ քայլերը այս իրավիճակին մէջ կատարուած են», պատասխանած է Զասը:

ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարին խօսքով` նոյնիսկ Հայաստանի որոշ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու կողմէ այդպիսի գնահատականներ հնչած են, թէ ինչո՞ւ ՀԱՊԿ անդամ պետութիւնները չեկան եւ չօգնեցին ազատագրել Հայաստանի տարածքները եւ ինչ-որ բան ընել այնտեղ:

«Բայց պէտք է հասկնալ նման քայլերու հնարաւոր հետեւանքները` ընդհուպ մինչեւ տեղի պետութիւններուն մասնակցութեամբ տարածաշրջանային պատերազմի սանձազերծումը, ուստի, կը կարծեմ, որ այն լուծումները, որոնք առաջարկուած են պետութիւններու ղեկավարներուն, այդ շարքին` վերահսկողական առաքելութեան բերումով, անոնք շատ համարժէք եւ հաւասարակշռուած էին: Անոր համար, ոչ, համաձայն չեմ, որ ՀԱՊԿ-ը կը փորձէ երես թեքել Հայաստանի խնդիրներէն», եզրափակեց Զաս:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment