Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Յաջորդ Շաբաթ Փութին Պիտի Այցելէ Հայաստան

Յաջորդ Շաբաթ Փութին Պիտի Այցելէ Հայաստան

by MassisPost

«Յաջորդ շաբաթ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին պիտի այցելէ Հայաստան», լրագրողներու հետ զրոյցին այս մասին հաղորդած է Քրեմլինի պաշտօնական ներկայացուցիչ Տմիթրի Փեսքովը: Անոր խօսքով` Փութին պիտի մասնակցի Երեւանի մէջ կայանալիք ՀԱՊԿ գագաթաժողովին:

Աւելի վաղ յայտարարուած էր, որ Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան անդամ պետութիւններու ղեկավարներուն հաւաքը պիտի կայանայ Հայաստանի մայրաքաղաքին մէջ` Նոյեմբեր 23-ին:

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի նախագահութեամբ Երեւանի մէջ կայանալիք Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) գագաթաժողովի քննարկելիք կարեւորագոյն հարցերէն պիտի ըլլայ ՀԱՊԿ ճգնաժամային արձագանգման համակարգի կատարելագործումը եւ Հայաստանին օժանդակութեան ցուցաբերման համատեղ միջոցները: Այս մասին ըսուած է կազմակերպութեան մամուլի քարտուղարի հաղորդագրութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment