Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախի ԱԳՆ-ն Անընդունելի Կը Համարէ Արցախի` Որպէս Հակամարտութեան Կողմի Կարգավիճակը Չեղարկելու Պաքուի Փորձերը

Արցախի ԱԳՆ-ն Անընդունելի Կը Համարէ Արցախի` Որպէս Հակամարտութեան Կողմի Կարգավիճակը Չեղարկելու Պաքուի Փորձերը

by MassisPost

Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը յայտարարութեամբ անընդունելի համարած է Արցախի` որպէս հակամարտութեան կողմի կարգավիճակը չեղարկելու, իսկ բանակցութիւնները որպէս «խօսակցութիւն Ղարաբաղի մէջ ապրող հայերու հետ» ներկայացնելու Ատրպէյճանի փորձերը:

Յայտարարութեան մէջ նշուած է. «Ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման անհրաժեշտ եւ առանցքային բաղադրիչներից է բանակցային լիարժէք ձեւաչափը եւ այդ շրջանակներում ընթացող քննարկումներն ու հանդիպումները:

Այդ ծիրին մէջ կարեւոր ենք համարում ընդգծել, որ Արցախի Հանրապետութեան համար անընդունելի են Ատրպէյճանի փորձերը չեղարկել Արցախի` որպէս հակամարտութեան կողմի կարգավիճակը, իսկ բանակցութիւնները ներկայացնել որպէս «խօսակցութիւն Ղարաբաղում ապրող հայերի հետ» եւ Ատրպէյճանի ներքին քաղաքականութեան շրջանակներում ընկած գործընթաց:

Արցախի ժողովուրդը մի քանի անգամ արտայայտել է իր դիրքորոշումը սեփական ապագայի վերաբերեալ, որը վերահաստատուել է ս․թ․ Հոկտեմբերի 30-ին Ստեփանակերտում տեղի ունեցած բազմահազարանոց հանրահաւաքով:

Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին Գործերի Նախարարութիւնը բազմիցս ընդգծել է բանակցութիւններին Արցախի լիիրաւ մասնակցութեան անհրաժեշտութիւնը եւ ԵԱՀԿ ՄԽ ձեւաչափի` որպէս ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման համար լաւագոյն հարթակի պահպանման կարեւորութիւնը:  Մեր տուեալ դիրքորոշումը մնում է անփոփոխ:

Միեւնոյն ժամանակ, Արցախի Հանրապետութիւնը չի հրաժարւում պաշտօնական Պաքուի հետ երկկողմ յարաբերութիւններին եւ հակամարտութեան կարգաւորմանն առնչուող հարցերի քննարկումից: Սակայն, հարկ ենք համարում շեշտել, որ ցանկացած քննարկում ընդունելի կը լինի միայն այն դէպքում, եթէ ընթանայ միջազգայնօրէն համաձայնեցուած ձեւաչափով եւ կողմերի իրաւահաւասարութեան սկզբունքի պահպանմամբ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment