Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստան Կը Ծրագրէ Երկրորդ Արբանեակը Ուղարկել Տիեզերք

Հայաստան Կը Ծրագրէ Երկրորդ Արբանեակը Ուղարկել Տիեզերք

by MassisPost

Բաց թողնուած առաջին հայկական արբանեակէն բացի Հայաստան կը մտածէ նաեւ երկրորդ արբանեակ բաց թողնելու մասին, որ կրնայ ըլլալ հայկական արտադրութեան: Այս մասին 18 Նոյեմբերին կայացած ասուլիսի ընթացքին ըսաւ ՀՀ բարձր արհեստագիտութեան արդիւնաբերութեան փոխնախարար Աւետ Պօղոսեանը` անդրադառնալով երկրին մէջ արբանեակաշինութեան զարգացման վերաբերեալ հարցին:

«Տիեզերական ծրագրերը բաւականին երկարաժամկէտ պլանաւորման արդիւնք են լինում: Առաջին արբանեակի արձակումը մեզ մօտ ստացուել է շատ աննախադէպ արագութեամբ: Բայց այդ ընթացքում կուտակուած ներուժը եւ ձեռքբերումները մեզ թոյլ են տալիս խօսել այն մասին, որ մենք շատ արագ կ’անցնենք արդէն պետական երկրորդ արբանեակի կազմակերպման, նախագծման աշխատանքներին: Այն առաջիյ արբանեակից էականօրէն կը տարբերուի ոչ միայն իր տեխնիկական յատկութիւններով, այլ նաեւ այն բանով, որ եւ նախագծման, եւ ամենայն հաւանականութեամբ, համարկման զգալի մասը կարուի Հայաստանում: Այն ոչ միայն կը լինի երկրորդ հայկական արբանեակը, այլ նաեւ կը լինի հայկական արտադրութեան առաջին արբանեակը», ըսաւ Պօղոսեան` յաւելելով, որ այդ է նպատակը:

Նախարար Ռոպերթ Խաչատրեան նշեց, որ Հայաստանի մէջ SATLANTIS ընկերութեան գրանցումը արդէն նախանշած քայլերէն մէկն էր արբանեակաշինութեան զարգացման ուղղութեամբ:

Միեւնոյն ժամանակ փոխնախարարը վստահեցուց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան տիեզերական ծրագիրները կը կրեն բացառապէս խաղաղ բնոյթ, եւ արբանեակէն ստացուած տուեալները կ՛օգտագործուին բացառապէս խաղաղ նպատակներով, այդ շարքին` անվտանգային նպատակներով վերահսկողութիւն իրականացնելու համար:

Ասուլիսին ընթացքին ներկայացուեցան նաեւ երկրագունդի տարբեր կէտերէ առնուած լուսանկարներ, օրինակ` Հայաստանի արեւելեան սահմանագծին մօտ գտնուող պատկեր, որ առնուած է 14 Սեպտեմբերին:

25 Մայիսին ԱՄՆ-էն բաց թողնուած է հայկական առաջին արբանեակը: «ARMSAT-1» հայկական առաջին արբանեակը քննութեան դրական արդիւնքներ ցոյց տուած է, ամբողջութեամբ պատրաստ է շահագործման:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment