Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Արաբական Աշխարհի Մէջ Հայաստանը Սիրուած Գործընկեր Եւ Բարեկամ Է. Ահմատ Ապուլ Ղէյթ

Արաբական Աշխարհի Մէջ Հայաստանը Սիրուած Գործընկեր Եւ Բարեկամ Է. Ահմատ Ապուլ Ղէյթ

by MassisPost

Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան ՄԱԿ-ի Կլիմայի փոփոխութեան ուխտի կողմերու 27-րդ համաժողովի ծիրին մէջ հանդիպում ունեցած է Արաբական Պետութիւններու Լիկայի գլխաւոր քարտուղար Ահմատ Ապուլ Ղէյթի հետ:

Նախագահ Խաչատուրեան նշած է, որ հայ-արաբական յարաբերութիւնները դարերու պատմութիւն ունին, եւ կը զարգանան քաղաքական, տնտեսական ու մշակութային բազմաշերտ փոխգործակցութեամբ: Նախագահը ընդգծած է, որ արաբական աշխարհին հետ յարաբերութիւնները մշտապէս կը գտնուին Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններու շարքին:

Ահմատ Ապուլ Ղէյթ նշած է, որ արաբական աշխարհին մէջ Հայաստանը սիրուած գործընկեր եւ բարեկամ է, որուն հետ պատրաստակամ են հնարաւորինս ջանքեր ներդնել` աւելի սերտ փոխգործակցութեան հարթակներ ստեղծելու համար:

Զրոյցի ընթացքին նախագահ Վահագն Խաչատուրեան իր մտահոգութիւնները յայտնած է վերջերս Արաբական Պետութիւններու Լիկայի գագաթաժողովին Ատրպէյճանի նախագահի ելոյթին շարք մը հակահայկական եւ իրականութեան հետ կապ չունեցող դրուագներու վերաբերեալ, որոնց մէջ Ատրպէյճանի նախագահը փորձած է այլախեղել Ղարաբաղեան հակամարտութեան բովանդակութիւնը եւ այն ներկայացնել որպէս կրօնական հակամարտութիւն: Նախագահը շեշտած է, որ Հայաստանը բազմաթիւ բարեկամներ ունի իսլամական աշխարհին մէջ, Հայաստանի Հանրապետութիւնը ժողովրդավարական երկիր է, ուր կը բացառուի կրօնական կամ խտրականութեան, անհանդուրժողականութեան որեւէ դրսեւորում:

Արաբական Պետութիւններու Լիկայի գլխաւոր քարտուղարը ընդգծած է, որ միանշանակօրէն շահագրգիռ է քայլերու ձեռնարկել հնարաւորինս թիւրընկալումները հարթելու ուղղութեամբ եւ նպաստել սեփական դիրքորոշումը ներկայացնելու հայկական կողմի իրաւունքի ապահովման:

Զրոյցի աւարտին երկուստեք պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է շարունակել սերտ եւ բազմակողմ ձեւաչափով շփումները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment